պահել, եւ ջրատար տեղեր ամէն աշնան վերջերը նորոգել. որով թէ արտերուդ առատ ջուր կուտաս, առատ արդիւնք կը քաղես, եւ թէ գիւղացւոց կոպիտ կռիւներէն ազատ կը մնաս, եւ մի անգամ այն գեղացի դրացիներուն մի օգտակար օրինակ ցոյց կուտաս, որ նոքա եւս հետեւելով ձեր օրինակին իւրաքանչիւր տանուտէր իւր արտերու համար աշխատի նոյնպիսի լճակներ պատրաստել, որոյ շահեկան արդիւնք բազմապատիկ է, վասն զի արուեստական լճակներ ոչ միայն ջուր կը մատակարարեն արտօրէից, այլ եւ մարգագետին դառնալով լճատեղիները առատ խոտ կը բուսնին, եւ միանգամ այն կանաչաբոյս արոտատեղի կը լինին անասնոց։ Տակաւին շատ զանազան կերպեր կան ջրամբարներ պատրաստելու համար, այսքանս միայն բաւ է, կանցնիմ այժմ արտօրէից բաժանման եւ կարգադրութեան վերայ խօսել, որ խիստ կարեւոր է եւ կապակցութիւն ունի այս դասիս հետը։
Թ.
ԱՐՏՕՐԷԻՑ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆ
ԵԻ ՀԱՒԱՍԱՐ ՏԱՐԱԾՈԻԹԻԻՆ
Լաւ ուշադիր եղիր, Թոռնիկ, զի այս դասը երկրագործին համար շատ կարեւոր մի դաս է, որ նա գիտնայ իւր արտեր բարւոք կարգադրել եւ բաժնել։ Նախ եւ առաջ պէտք է իւրաքանչիւր արտերու սահմանը իրարմէ որոշել, եւ արտամէջ տեղեր թողնել որ գոնէ երեք կանգունի չափ լայնութիւն ունենայ։ Այս արտամէջ տեղեր որ առանց հերկելու միշտ պէտք է կորդ մնան, չէ թէ միայն ճանապարհի համար է որ սայլեր դիւրութեամբ քալեն պինդ գետնի վերայ, այլ առաւել խոտաբոյսերու համար շատ կարեւոր է. եթէ մեզ համար ցորենաբոյս մեծ պիտանութիւն ունի, հապա աշխատող անասնոց համար որչափ պէտք են խոտաբոյսեր, երբ արտերուն եզերք զտնուելով իբրեւ պատրաստի արօտատեղ կը լինին տաւարներուն որ գութանէն