յայնժամ ուրիշ նոր ճամբու գիծ մի բանաք, որով հին բնական ճանապարհ կամայանայ։ Իսկ նոր ճամբան թէ երկար լինի եւ պտոյտներ ունենաք, ոչինչ փոյթ է իրեն համար, զի գիւղացին չգիտէ հաշուել ժամանակի կորուստ թող դժուարութիւններ։ Ուստի, երկրագործին աշխատութեան մեծ դժուարութիւն կը լինի, եթէ տարուկ տարի նորոգուին գոնէ խանգարուած գլխաւոր ճամբաներ։ Դեռ հունձքեր ի կալատեղ չը բերուած շատ կարեւոր է կալատեղի պատրաստութիւն, եւ կասելու Կամար պէտք եղած գործիքներ, կամնասայլ, ջարջառ ել այլն։ Վանայ արեւելեան եւ հիւսիսակողմն եղած գաւառներ շատ գիւղեր կան, որ երբէք կալատեղի պատրաստութեան պէտք չունին, վասն զի գիւղերուն մօտ խիտ եւ մանրաբոյս մարգեր կան, որ գետնին երես ծածկած են իբր մի կանաչազարդ փռոց, ինչպէս մեր Արճակ գիւղին կալատեղեր, որք բնական են եւ պէտք չունին պատրաստութեան։ Կը տեսնա՞ս Թոռնիկ, օրանն կասուելէն յետոյ մեր ցորենաշեղջեր որչափ մաքուր եւ անխառն են, ոչ հող եւ ոչ քար ունին իրենց մէջ, իսկ այն կալատեղեր, որ անբոյս լերկ հող են, երկրագործ կը պարտաւորի ամէն տարի կալի ժամանակ շինել ու պատրաստել։ Կալի տեղ երեսէն փորելով ջուր կը թողու վերայ, եւ անհարթ տեղեր բահով հարթելով կուղղէ գետնին մակերեւոյթ, ջուրը ցամքելէն յետոյ յարդ կը ցանես վերայ, եւ կսկսին բահի քամակով ծեծել եւ հարթել։ Այս կերպ շինուած կալատեղեր դարձեալ խորդ ու բորդ կը լինին, եւ ազատ չի մնար ցորեանն աւազախառն հոգերէ։ Լաւագոյն կալատեղ այն է որ միանգամ սալայատակ լինի, եւ իւր շրջապատը գոնէ կէս կանգուն բարձրութեամբ թումբ ունենայ որպէս զի օրան կրող սայլ նորա եզերք կենայ եւ չը մտնայ կալատեղ, զի սայլին անիւներն, կալատեղին յատակ կը խանգարեն։
Մեր Վանայ գիւղերուն օրան կասելու կերպ, եւ գործիքներ բաւական յաջող են, թէ կամնասայլ եւ թէ ջարջառ ի միասին բանեցնելով մեծ գործ կը տեսնան, աւելի կասող եւ մանրող է ջարջառ գործիք, որ փայտէ մի գլանակ է երկու կանգուն երկար, որոյ վերայ շարուած են ոլոր ձեւով երկաթէ սուր ուրագներ, որ անուաձեւ դառնալով կը կոտրէ այլ օրանն: Մանաւանդ, երբ ձիեր լծուած լինին ջարջար արագասէ, մոռնալ կամնասայլէն շատ աւելի գործ կը անի:
Հարցուլ. Թոռնիկ, թէ աղքատ գիւղացիք ինչպէս լաւ կա¬