նեն, երբ այդ գործիքներ չունին։ Է՜, Թոռնիկ, աւելորդ է այդ հարցումն, քանի որ աղքատն արդէն հողատէր չէ, միթէ կարող է վարուցան անել: Ահա տես մեր գիւղի աղքատ Ղազարի կալ, որ ժամանակաւ գեղին առաջին հարուստ համբան էր, այժմ հազիւ մի քանի սայլ ցորեն ունի կասելու։ Մի եզ եւ մի կով ունի, լծած է մի մաշած անատամ կամնասայլի, իւր փոքրիկ կալիկ անով կը կասէ։ Ես վաղուց կը ճանչնամ աղքատ Ղազար, որ երբեմն տանուտէր էր, դուռը բաց, եւ այժմ այդ վիճակին հասաւ, թէ արտեր, թէ իւր ծառաստաններ պարտատէր գրաւեց, թէ իրաւ, թէ անիրաւ, այդ չը գիտեմ, միայն այս գիտեմ, որ պարտատէր թէ աշխարհին օրինաց առաջ, թէ իւր խղճին առաջ ինքն չքմեղս եղաւ եւ կարդաց բանաստեղծին այս տողերը.
|
Միջանկեալ բան պատմեցի քեզ, Թոռնիկ, որ պարտք անելէ զգուշանաս, ապա թէ ոչ դու եւս աղքատ Ղազար կը դառնաս։
Դու չես տեսեր, Թոռնիկ, բայց ես տեսած եմ ի Պօլիս, պատմեմ քեզ։ Եւրոպիոյ արուեստագէտ մարդիկ այժմ կալ կասելու համար մի մեքենայ հնարած են, որ ահագին բան է. մեծ սայլի պէս չորս անիւներու վերայ հաստատուած, որու մէջ զանազան մանր ու խոշոր երկաթաթել մաղեր, եւ այլ կասող եւ մանրող սուրեր զետեղուած են, որ մեզ պէս շինականի խելք չի հասներ։ Այս մեքենայն կրակով կը դառնայ, երկու մարդ մեքենային տանիս կեցած շարունակ խուրձեր քակելով կը ձգեն ընդունարանի ծակէն ներս, որոնք փշրուելով, մեքենայի երկու ծակերէն դուրս կը վանուին թէ ցորեան եւ թէ յարդ։ Այս մեքենայն միշտ դէղերուն քով կը հաստատուի, որովհետեւ դիւրութիւն ունի սայլի պէս վարել տանել ուր որ լինի։
Կը տեսնիս, Թոռնիկ, թէ գիտութիւն որչափ դիւրացուցեր է մարդոց աշխատութիւն, այն ինչ մեք ամիսներով կալ կանենք, եւ շատ անգամ ձիւներու տակ կը մնան, նաեւ կ՝սպասենք մեղմաշունչ հովերուն, որպէս զի էրան անելով ցորեն յարդէն հանենք։ Երկու անգամ մաղերէ անցունեմք եւ այլն։ Առանց այս բոլոր աշխատութեան մեր մի ամսուան գործը, մեքենայն մի քանի աւուր մէջ կը լրացնէ։ Եւ այնչափ մաքուր կը զտէ ցորեան, որու վերայ մարդ կը զարմանայ թէ ինչպէս իսպառ ի մի կողմ անջատուած են քարեր, հողեր, եւ օտար հատիկներ.