կերակուր է, Հայրիկ շատ կը սիրէր հարիսան միշտ եփել կուտար Վարագայ վանքում։ Եւ երբ նա իւր պանդխտութեան մէջ կարօտ կը քաշէր հարիսային, միանգամ նամակ գրած էր Վարագայ միաբանութեան էդ նամակին խօսքեր միտքս պահած եմ։
Երջանիկ միաբանութիւն Վարագայ, որ կը բնակիք Աւագ Սուրբ նշանի թեւին տակ, արդեօք կը յիշէ՞ք պանդուխտ Հայրիկ ա՜խ, ես զձեզ այ յիշեմ. կը յիշեմ Վարագայ Խաչին տօն որ մօտ է. կը յիշեմ վանքին այն պատուական հարիսան, եւ դուք առանց Հայրիկին կուտէք հայրենաւանդ կերակուր: Կերէ՜ք թող անուշ լինի, եւ կշտապինդ կերէք եւ խմեցէք Վարագայ սարի ծոցէն բղխած պաղուկ պաղուկ աղբիւրներուն ջուրը: Իսկ Հայրիկ իւր պանդխտութեան մէջ ա՜խ կը քաշէ հարիսային դէմ։ Ի՞նչ կը լինի, որ յիշէք Հայրիկը եւ մի ճլօր Հարիսայ Ամբակում այ հրեշտակին յանձնէք, որ բերի ի Բաբիլօն, ուտեմ եւ օրհնեմ զձեզ: Ողջ եղիք:
Է՜, Թոռնիկ, բա՛ւ է, թողունք այս աւանդական հարիսայի բան, դառնոնք մեր դասին կարգ։
Գիւղական տնտեսութեան մէջ շտեմարանի պատրաստութիւն շատ պարզ ու նախնական է։ Սովորաբար գիւղացիք իրենց ցորեն, գարի եւ այլ հատեղէն բաներ մի մարգաչափէն աւելի հոր փորելով կը հորեն ի գետին, թէեւ հորին կողերը խոտով կամ յարդով կը շրջապատեն, բայց շատ անգամ կը վնասին, խոնաւութիւն առնելով հացը գէջահամ կը լինի։ Եւ որովհետեւ այս ցորենի հորեր բացօթեայ տեղեր են, կը պատահի շատ անգամ անձրեւէն եւ ձիւներէն ջուր առնելով կը փտտի ցորեն։ Այնպէս կը թուի, Թոռնիկ, որ հին հին ժամանակներ գիւղացիք իրենց ցորեան ապահովութեամբ պահելու համար՝ գետնի տակ կը պահեն ինչպէս նաեւ ուրիշ շատ բաներ։ Զարմանք է որ այս ապահով ժամանակի մէջ եւս նոյն սովորութիւն պահած են։ Բայց այս բան անհոգութեան եւ ծուլութեան մի արդիւնք է: Երբ գիւղացին իրեն համար տուն կր շինէ, անասնոց համար ախոռ, ոչխարներուն համար գոմ, միթէ դժուարին է որ իւրաքանչիւր տուն իրենց արմտեաց չափով շտեմարաններ շինեն։ Կան ոմանք որ գաղջին հողէ մեծ մեծ փեթակներ կը շինեն, որոց մէջ մեծ քանակութեամբ արմտիք կը պարունակեն, փեթակներ շատ լաւ կը պահպանեն հատեղէն բաներ, միայն թէ փեթակներու տանիք լաւ պատրաստելու է, որ կաթիլներ շիջնան փեթակին մէջ։