կուտան ոչխարին երբ ձիւն սաստիկ կուգայ, եւ կը ծածկէ բոլոր լեռներ եւ արեգդէմ պառեկներ, իսկ երբ ձիւն այնչափ շատ չի լիներ եւ քամին արեգդէմ լեռներու ձիւներ կը տանի, ոչխար կարող է արածել եւ կշտանալ, գիշերն եւս ոչխարներ լեռներուն ծոցաւոր տեղեր կը մնան ուր որ հով չի բաներ եւ արեգդէմ է: Այս բացօթեայ ջերմին տեղերուն քիւրդեր հաւշի կասեն։ ժամանակ կը լինի որ ոչխարի հոտեր, մինչեւ երեք օր կարող են անօթի մնալ հաւշիներուն մէջ մինչեւ որ ձիւնաբուք քամին անցնի։ Սորա համար ասի քեզ թէ ոչխար ամրան շոգին չի դիմանար, բայց ձմրան ցուրտերուն դէմ կը մրցի։ Տէր Աստուած հոգալով այդ խեղճ կենդանին թանձր բուրդով նորա քամակ պատսպարեր է. միթէ այդ օրհնեալ կենդանւոյն բուրգով մեր թիկունք չի՞ տաքնար։
Իսկ մեք գիւղացիքս, որ մէն մի տան սակաւաթիւ ոչխարներ ունիմք, ձմերան գոմի մէջ կը պահեմք, եւ ցորեկներ դուրս հանելով ձեան վրայ խոտ կուտամք եւ նորէն կը գոմենք։
Ոչխարի գոմ իւր քանակութեան չափով պէտք է ընդարձակ լինի, այնպէս որ առանց նեղուելու նստեն, կանգնին. տանիքէն եւ պատերէն պէտք է երգիք ունենայ, վասն զի ոչխարին համար շատ պէտք է մաքուր օդ, նա սովորած է լեռներուն հովասուն օդ ծծել միշտ։ Ոչխար մաքրութիւն եւ շորութիւն կը սիրէ, պէտք է միշտ գոմին յատակ չոր եւ մանր փայեն պարզել, զոր պէտք է ամրան հաւաքել ու պահել։ Նմանապէս մեծ հոգատարութիւն պէտք է գոմի տանիքին համար, զի կաթիլք շատ վնասակար են ոչխարին։
Գարնան, Ապրիլ ամսոյ կիսուն կսկսին ոչխարներ հետզհետէ ծնիլ, երբ դուրս եղած կարածան նորաբուսիկ եւ հին խոտերով։ Նոր ծնած գառներ եւ ուլիկներ հովիւ իւր իշուկին բառնալով իրիկուան գիւղ կը բերէ։ Մայիս ամսուան մէջ երբ արօտներ կը զօրանան կսկսեն ոչխարներ կթել: Կէսօրին հովիւ ոչխարներ կը բերէ պէրատեղ, կը տեսնաս որ գիւղի հարսներ եւ աղջիկներ կաթի կժեր եւ կթոցներ առնելով կուգան պէրատեղ, ամէն մէկ իւր ոչխարներ կը կթէ։ Էդ երջանիկ կթուորներ գարնան գոյնզգոյն ծաղիկներով կը զարդարեն իրենց գլուխ եւ կաթի կժերուն բերան, կը շալկեն, ուրախ ուրախ երգերով գիւղ կը դառնան։ Եւ երբ կիթն կը լմննայ, գառնարածն որ գառնուկներ եւ ուլեր առանձին տեղ պահած է թող կուտայ,