դու տես էն ժամանակ մի զուարճալի տեսարան, ոչխարներ կը բառաչեն, գառներ կը մայեն, կը թուի թէ մայր ոչխար իւր գառնուկին հետ կը խօսի եւ գառնուկ մօր հետ. Հարիւրաւոր ոչխարներ գառներ կը խառնուին իրարու հետ, մինչեւ գտնեն գառներն իրենց բուն մայրեր, բուն մայրը երբէք օտար գառն չի ընդուներ իւր տակը։ Այս զարմանալի է Հովուին ճարտարութիւն, երբ գառն կը մոլորի չի կրնայ գտնել իւր մայրն, հովիւն իսկոյն կբռնէ գառնուկն եւ կը յանձնէ իւր մօր։ Եւ ինչպէս կը ճանչնայ գիտե՞ս, բաւական է որ նա ծնած ժամանակ տեսնայ մի անգամ, գիտես թէ լուսանկարի պէս նորածին գառան եւ մօր պատկեր էնպէս կը տպաւորի նորա անմշակ մտքի մէջ, որ նա կարող կը լինի հարիւրաւոր ոչխարներու գառներն՝ առաջ եւ ետքը ծնած գոյնով իրարու նման սրատես աչքով որոշել իրարմէ։ Այսպիսի հովիւներ շատ հազուագիւտ են, եւ պսպօր կը կոչուեն, որ սրատես եւ ճարպիկ ասել է։
Չմոռնանք այս տեղ, Թոռնիկ, թէ հովուին համար շատ կարեւոր են գամբռ հուժկու գայլախեղդ շներ, շատ ճիշտ է թէ որ ասենք հովուին թիկնապահ եւ յառաջապահ զինուորներ են, որ հօտին առաջ երթալով կը դիտեն չորս կողմն։ Եթէ մի գայլ տեսնեն հեռուստ, տես դու ինչպէ՞ս խմբովին կը յարձակին, մինչեւ հալածեն։ Եր պատահի երբեմն եթէ հասնեն բռնեն գայլ եւ խեղդեն, այն օր հովիւն իւր քաջարի շներուն մեծ ճաշ կուտայ։ Որ կը պատրաստուի հացով եւ իւղով, որուն ճմուռ կասեն։ Իսկ շներու սովորական կերակուրն է կաթ, որ մի մեծ փայտէ կօտի մէջ կը լեցնէ հովիւն ազատօրէն, գարէ Հացն էլ մէջ կը բրդէ, էդ քաղաքավար շներ շուրջ կը բոլորին եւ կուտեն առանց կռուի։ Միթէ քաղաքի փողոցի անօթի շներն են, որ ոսկորի վերայ կռուեն։ Հովուի շներ գիտես թէ մի վեհանձն բնաւորութիւն ունին, ոչինչ տեղ չեն հաջեր, բայց հօտին մօտ անծանօթ մարդ տեսնան իսկոյն կը յարձակին։
Վերջապէս, Թոռնիկ, գամբռ շներ շատ պիտանի են ոչխարի հօտին համար, եթէ չը լինին գայլերէն շատ վնաս կը հասնի ոչխարներուն եւ հովիւ միայն կարող չէ պաշտպանել հօտն։ Մանաւանդ մշուշ եղած ժամանակն, չգիտեմ, գրքեր հովուին անուն շատ կուտան. շներն ի՞նչու չեն յիշեր, որ հովուին օգնական զօրավիգն են։ Մեր ոչխարի շներուն լաւ նայէ, Թոռնիկ, եթէ տկարանան ուժաթափ լինին այլ եւս կարող չեն գայլեր