Հովուին գիշերուան քուն շատ անդորր եւ անուշ է. նա չունի կակուղ անկողին, նա կը պառկի գետնախշտի, մի քար գլխուն բարձ կը դնէ, եւ իւր թախսէ կափանակ վրան կը քաշէ, նա կը քնանայ եւ շներ պահապան կը լինին հօտին։ Հովուին քուն շատ թեթեւ ու կարճ է. նա գրեթէ կիսարթուն կը ննջէ, զի միշտ իւր սրտին մէջ կասկած եւ երկիւղ ունի, թէ գայլեր գիշերուան պահուն յանկարծ կը յարձակին հօտին վերայ։ Զարմանալի է երբեմն՝ հովիւ երազի մէջ գայլոց ոհմակներ կը տեսնայ. գիշերուան պահուն յանկարծ կը յարձակին հօտին վերայ։ Նա կսկսի քունին մէջ ինքնախօս լինել եւ շներ թշքշել եւ մերթ եւս իսկոյն վեր կը ցատկէ շփոթուած։
Հովիւ գեղարուեստի դպրոցէն ելած չէ։ Թոռնիկ, բայց ինքն բնական երաժիշտ է. նա իւր հովուական փողն առնելով կը նստի բարձր քարի վերայ՝ կսկսի փչել, եւ գիտե՞ս որչա՞փ քաղցր եւ անուշ է այդ հովուական փող։ Մերթ եւս հովիւն իւր փողով իբրեւ զօրավար մի հրամանատարութիւն կանէ իւր հօտին, ցրուածներ կը ժողվէ եւ իւր մօտ կը կանչէ. մանաւանդ աղ տալու ժամանակ. ի՞նչպէս հօտն միահամուռ կը դիմէ դէպի աղն, որոյ կարօտութեան դէմ հոգի կուտան ոչխարներ։
Ահա հովուին կեանքն ու գործն, շատ համառօտ նկարագրեցի քեզ, Թոռնիկ, բայց խնդիր մի կայ, մեք որ հովուին կեանք երջանիկ կը համարինք, բոլորովին ազատ աշխատի աղմուկներէն, բայց տեսնանք, թէ հովիւն էլ ինքզինքը կը համարի՞ եւ իւր կեանքէն գո՛հ է։ Սորա համար խելացի մարդոց մի առակ միտքս կուգայ, խօսիմ քեզ, ուշադրութեամբ մտիկ արա։
Մի հարուստ հովիւ որ շատ ոչխարներու եւ տաւարներու տէր եղած է, մի օր ծովուն մօտիկ մարգագետնի վերայ, երբ իւր անասուններ կարածայ, աչքն դէպի ծով կը դարձունէ, կը տեսնայ ծով մեղմաշունչ զեփիւռէն ծածանելով կը ծիծաղի, վաճառականաց նաւեր առագաստներ պարզած ու լցուած դէպի նաւահանգիստ կուգան։
Մեր անփորձ հովիւն հրապուրուելով այս բաղդին տեսարանէն, մի ախ կը քաշէ եւ կսկսի իւր բաղդէն դժգոհել, երանի՜ ես էլ մի վաճառական լինէի, ծովով ու ցամաքով աշխարհէ աշխարհ ճամբորդէի, լսէի, աշխարհի բաներ հասկնալի, պատուաւոր վաճառական լինելով անուն հանէի: Ի՞նչ է այս իմ