Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/93

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հալածել, նմանապէս հովուին եւս լիովին վճարէ եւ աւելի հոգալ ու երբեմն պարգեւներ տուր պսպօր հովուին։ Գիտե՞ս դու, ոչխարի հովիւ ժողովուրդի հովուին չի նմանիր, որ առանց վարձքի ժողովուրդ հովուէ ու համբերէ։ Ինչպէս մեր գիւղերու քահանաներ։

Մոռցայ խօսել, Թոռնիկ, թէ ոչխարներուն ժամանակին աղ տալու է, ոչխարներ չափազանց աղ կը սիրեն, եթէ աղ չուտեն իրենց ոչ կաթին եւ ոչ մսին մէջ համ կը լինի: Թէպէտ այն դիպեր որ Վանայ կամ Արճակու ծովուն մօտիկ են՝ աղի տեղ ծովու ջուր կը խմցունեն, որ վնասակար է, վասն զի այդ ծովերուն ջրեր աւելի թորակ ունին իրենց մէջ, եւ ոչ թէ զուտ աղ, թող այս երբեմն եւս չափազանց խմելով կը վնասուին, ուստի աւելի լաւագոյն եւ օգտակար համարուած է աղն։

Հովուական կեանք շատ անմեղ եւ երջանիկ կեանք է, Թոռնիկ, թէ եւ մարդիկ կը կարծեն, թէ հովիւներ մի ապերջանիկ մարդեր են, մարդոց ընկերական կեանքէն զրկուած, անբան անասնոց հետ կապրին, միշտ ամայի լեռներուն վերայ կը շրջին, շատ տխմար ու բթամիտ կը լինին։

Այս կարծիք շատ սխալ է, հովիւներ իրենց արուեստին հմտութիւն քաջ գիտեն, ոչխարներու ամէն կերպ հիւանդութիւններ կը ճանչնան, գիտեն դեղն ու դարման, լեռներու մէջ դեռ անծանօթ մնացած ամէն ծաղիկներու, բոյսերու արմատներուն զօրութիւն փորձով գիտեն։

Հովուական կեանք հին նահապետաց կեանքի մի պատկերն է, ուր կը տեսնամք ոչ միայն այր մարդ, այլ եւ աղջիկներ ոչխար կարծէին՝ ինչպէս Ռեբեկայ, Ռաքել եւ այլն։

Այդ լեռնասուն հովիւներ, այո՛, միշտ երջանիկ են, երբէք հիւանդութիւն չը գիտեն, զի նոքա ամենամաքուր օդ կը ծծեն, եւ ի՞նչ է իրենց բնական ու սովորական կերակուր, գիտե՞ս՝ մաքիներ կը կթեն. այն փրփրուն անխարդախ կաթին մէջ կը բրդեն հաց, պաղ աղբիւրի մէջ կը դնեն, դըգալով կուտեն, նոքա ուտելու ժամ ու ժամանակ չեն որոշեր, երբեմն գիշերապահուն կաթ կթելով կը դնեն պաղոց մինչեւ առաւօտ, կը նայես որ այդ կաթին երես մի մատ սեր կապած է, էդ էլ հովուին առտուան նախաճաշիկն է։ Հովուին խմած ջուրն, այն սառնորակ աղբիւրներու զուլալ ջրերն են. հովանն շունչ ամենազան ծաղիկներու բուրումն է եւ ռնդունք նոցա հոտով կը զմայլի: