Ու աշխըրքին պարզ ցուցուցինք,
Վօր թիփ-թէմիզ հայեր ինք։
Կռեվ, ծեծկվունք ու տատաստան
Էր մեր մէչէն անպակաս,
Նամերս հասավ չախ Հինտըստան...
Լըսէ՛ ու չի բարկանաս։
Մեր պապերը, թէպէտ կալպայ,
Մեր առչեվն ին անթիքա,
Շինտը մեզի չին ասիլ հայ,
Փռօստը կասին «...շքա».
Կիտի՞ս ինչո՛ւ։ Անոր համար,
Վօր տեղ չունինք չաճըռած,
Հարցո՛ւր Թուլա, հարցուր Սամառ,
Անուններըս է կօտռած...
Կիտէինք քի՝ առուտուրը
Ասել է թե ա՛ռ ու կո՛ւլ.
Պապենական խըրատներուն
Մենք մընացինք տալմա խուլ։
Պարի առինք, վէքսիլ տուվինք,
Վատէն անցաւ վէքսիլին
Հարամ՝ ստակը սունտուկ տըրինք,
«<...> հայեր» մեզ ասին։
Էրեսներուս թուքին մարթիք,
Մենք ասինք. «Աս թաթավ է»,
Շիտակ մարթու վրայ խընտացինք,
Ասինք. «Աս ի՞նչ մանավ է»։
Կիտուն մարթոց մենք խեվ ասինք,
Հալածեցինք մեր մէչէն,
Տալմա վըրան պամպասեցինք,
Վազ պերինք մեր եախայէն։
Մնացինք մենակ` կօղ, կօղպարտակ,
Միւհլիւղ ու սուտըստակճի,
Մաթռապազներ ու աւազակ,
Տռակիլ, շալվէր, տիպօնճի։
Աս սօլ մարթիք հարուր տարի
Խեղճ քաղաքիս տէր էղան.
Մեր մէչ վօվ էր պաշ հարամի,
Նա եալ էղավ մեր աղան։