Էջ:Raphael Patkanian, Collected works (II).djvu/174

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Խեղճ տէրտէրի, «вон! вон!» ասել ու փախ տալ,
Ու ան կալպայ արարմունքով շըփանալ,
Զըքված սալտաթ տուռին քօվը կայնեցնել,
Ռնչպէր խեղճ հայ կինիմարթոց վախցընել,
Պուպլիք ծախօղ մառուշքային փախըլնալ,
Վարժատան մէչ սօյին սամսա ծախել տալ,
Վարդանեանի դալով մարթոց վախցընել,
Իրեն խախուտ տեսչութիւնը ամուրցնել,
Տէնիշքէի տեղ սաղ քաղաք չի տընել,
էրկու երեք մարթու փեշի տակ մտնել,
Մօրթել քերթել ռընչպէրներուն զաւակը,
Զէնկիններով լըցնել կարմիր տախտակը,
Հալխին պէտքը, հալխին ցաւը մօռանալ,
Իրեն համար պօլ տախոտի տեղ պանալ,
Չար կործելու ամեն տապռա ռասթ փնտռել,
Ախքատ հիւանտ վարժապետի հախ կըտռել,
Իր խենթ վարքը փօիթիքի հետ խառնել,
Քըսութիւնն ու մատնութիւն ծեռք առնել,
ճշմարիտ պերան փակել ուզենալ,
Փօլիցիով ու ժանտառմով ըսպառնալ,
Գօրծով Նիկոլ, Վասակ, Վեստ֊Սարգիս ըլալ
Ու աշխատել լուսաւորիչ երեվնալ,—
Ա՞ս էին քու պօլ–պօլ տըւած խոստմունքը,
Դըպրանոցի բարեփոխման հիմունքը...
Ատ ամենը շալվէրներու ֆէնտեր ին,
Ու քաղաքիս ծախկելուն շատ քէտէր ին...
Շատ չի անցնիլ թէմպէլ քըսան տարեկան,
Կէնճ տըղոցմով սօխախներս կիլինքնան.
Ծըռտի֊պըռտի սորված լատինին համար
Մեր պազարը չին տալ տալախ ու ճիկար...
Հայէն կերթայ վերչին իւմետ՝ առուտուր,
Օրուան հացն ալ նա կըմուրայ տուռէ տուռ...
Անտէ՜ր քաղաք, խելքըտ վըրատ ժողովէ՛,
Ու ատ խենթէն կօլօխըտ թէզ ազատէ։