Jump to content

Էջ:Raphael Patkanian, Collected works (II).djvu/182

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ԿՈԻՊԵՌՆԱԹՕՌԻՆ ՀԱՑԸ

«Աղա՛, մէկ քապիկ եա մեկ կըռօշ տո՛ւր,
Տունիս մէչ չի կայ մէկ տիրէմ ալուր»,
Կասէր մուրացկան ախքատը լալէն։
-Ախպա՛ր, ձեռքերըս յօքնեցաւ տալէն,
Շինտը եալ քըսան մանէթ պիտի տամ,
Կուպեռնաթօռի հացին պիտ էրթամ։

«Աղա՛, աղքատաց մեր ընկերութեան
Տու՛ր իրեք մանէթ ու կըրվէ անթամ)),
Կասէր պատւաւոր մարթ, կօլօխ տալէն։
-Շատ տըւի, ասաց մեր աղան, լալէն,
Շինտը եալ քըսան մանէթ պիտի տամ,
Կուպեռնաթօռի հացին պիտ էրթամ։

«Աղա՛, ա՛ռ տոմսակ, տո՛ւր տասը մանէթ,
Թիֆլիզէն պերել տո՛ւր հայի կազէթ»,
Այսպէս Սիւլիւկր կասէր խընթրելէն։
-Ախպա՛ր, ձեռքեր յօքնեցաւ տալէն,
Շինտը եալ քըսան մանէթ պիտի տամ,
Կուպեռնաթօռի հացին պիտ էրթամ։

«Վեց մանէթ, ասին, տո՛ւր մէկ պարոնին,
Ու կըրվէ անթամ մեր հայ թատրօնին»։
Պարոնը ասաց համարեա լալէն.
— Ախպա՛ր, ձեռքերըս յօքնեցաւ տալէն,
Շինտը եալ քըսան մանէթ պիտի տամ,
Կուպեռնաթօռի հացին պիտ էրթամ։