Էջ:Raphael Patkanian, Collected works (II).djvu/184

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ՆՈՐ ԱՂՕԹՔ


Աստվա՜ծ բարեգութ, տէ՜ր բարեխընամ ,
Լըսէ՛ խընթրինքըս պարէմ մէկ անքամ.
Փախալեա եվ կամ մէլիշ առուտուր,
Պազիրկեան խանութ՝ ուրիշներուն տո՛ւր,
Չուզիմ ես ամպար, ցորենի սիփքա,
Ուլաֆ, հունտ, արփա, արիշ, հառնօվքա,
Չուզիմ ես մօյքա եալիին տեղը,
Չուզիմ շախթ, սալնիք, Զիպիրին եղը,
Չուզիմ ես թուլա, քիրէմիթ խօրթել,
Քըսան հինկ օթառ սալկանին մօրթել,
Չուզիմ տուն` թէփէն պացըռ ֆասօնով,
Խութուռ ալ չուզիմ Թէմէռնիքին քօվ.
Չուզիմ ես կիրքեր, ժուռնալ ու կազէթ,
Փէչ քօլօռիֆէռ ու վաթէռկլազէթ,-
Աս ամէն պանը տուն՝ ուրիշին տո՛ւր,
Հետն ալ Ռաստօվի ծախս ու առուտուր։
Ամմա՛ խընթըինքըս թէ լըսել կուզիս,
Իսա պաներէս ինծի չի զըրկիս,
Սիֆթէ մատիս տի՛ր փիրուզէ մատնի,
Սահաթիս ցէփն ալ թօ՛լայ նօր-մօտնի,
Շապիկըս պարակ քըթանէ կարած,
Ֆռանցուզ փռաչքայի տիզ իւթի արած.
Թանկնօց թռիքօյէ փիճաք, պռիւք, ժէլէթ,
Պումաժնիքիս մէչ հարուրնօց պէլէթ։
Ասպէս տուն ինծի թախըմ հաքվեցո՛ւր,
Ճիւնապէթներու քօվը նըստեցո՛ւր,
Սաղիս ու սօլիս, մէկն ալ իմ տիմաց
Իրեք հատ կօռէլ թօ ըլան նստած։