Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/10

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— Ես գնում եմ
Տրտում, մենակ,
Անժամանակ
Ծաղկից ընկած
Թերթի նըման...։

Ինքնաշարժերը կը սուրան։ Հանրակառքերը կ’անցնին աղմուկով ու արագ, եւ ես կը տրտմիմ՝ մտածելով բոլոր մեկնող երգերուն ու մեկնող մարդոց վրայ, մինչ վայրկեանները խօլապար կը դառնան։

Պտտուի՛ր, պտտուի՛ր, կարուսե՛լ,
Ես քո երգը վաղուց եմ լըսել...

Ու կեանքը սովորական, մարդոց դէմքերը յոգնած ու աշխարհը ամբողջ՝

Տաղտկալի, ձանձրալի պատմութիւն...

Կը կենամ Սէնի կամուրջին վրայ ու կը նայիմ աղտոտ ու դանդաղագնաց գետին վրայ ինկող լոյսերուն ու անհեթեթ ստուերներուն, որ մօտակայ աշտարակները կը նետեն ջուրին վրայ։

* * *

Քիչ յետոյ փորձի պիտի երթամ։ Լաւ է, փոխանակ կարդալու, մոլոշագոյն պարեգօտս արդուկեմ։

* * *

Այսօր սովորականէն աւելի բազմաթիւ էինք փորձի ատեն, ինչ որ հաճելի չէ ինծի։ Անծանօթ դէմքեր ու ծերացած նայուածքով գրագէտներ, դատարկաշրջիկ կիսամտաւորականներ, որոնց յաւակնոտութիւնը կը զայրացնէ զիս եւ նաեւ Սարունին։ Ան հագած էր սեւ հագուստ՝ սպիտակ բարձը օձիքով ու սպիտակ փողկապով։ Դէմքը տժգոյն էր, ու աչքերը կը մատնէին, որ գիշերը անքուն անցուցած է։

— Բարե՛ւ Ձեզ, Օրիորդ Մանուկեան,— ըսաւ ձեռք տալով,— տակաւին տժգոյն էք...

— Օ՜,— ըսի,— ոչինչ,— յետոյ առանց իրեն նայելու,— բայց Դուք ալ, Պարո՛ն Սարունի։

Ու լռեցինք։

— Գիշերը Քօմէտի-Ֆրանսէզի մէջ «Հարսանեկան քայլերգը» կը խաղան,— ըսաւ նայուածքը գետին,— եթէ ուզէիք գալ, Օրիո՛րդ Մանուկեան, երկու տոմսակ ունիմ։

— Տկար եմ, կը ձիւնէ ալ, յետոյ ուշ գիշերին մինչեւ մեր տունը...

— Ձեզ կ՚առաջնորդեմ, եթէ ուզէք,— պատասխանեց դողդոջուն։

Զգացի, որ համարձակութիւն չունեցաւ մնացեալը շարունակելու։

Բեմէն կանչեցին զիս, ու փորձը սկսաւ։

Երեկոյեան չորսին հազիւ վերջացանք։ Ամբողջ փորձի ընթացքին ճակատս կ’այրէր ջերմութենէն, ու ծնկներս կը դողային։ Երբ բեմէն իջայ, բոլորը շնորհաւորեցին զիս, նոյնիսկ՝ ընկերներս։ Սարունին մէկ կողմ կեցած կը խօսէր երիտասարդի մը հետ։ Յանկարծ