Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

տեսայ, ոը երիտասարդը ան էր։ Այն տժգոյն տղան։ Այտերուս ջերմութիւն եկաւ, ու ռնգունքներս սկսան դողալ։ Օ՜, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, Աստուա՛ծ իմ։ Արագ քայլերով ու առանց նայուածքս բարձրացնելու՝ մօտեցայ իրենց եւ առանց նայելու տժգոյն տղուն՝ հարցուցի Սարունիին, թէ երբ պէտք է իրար հանդիպէինք թատրոն երթալու համար։

— Եթէ կ’ուզէք, Ձեզ առնելու կուգամ վեցուկէսին, կամ ժամադրութիւն կուտանք թատրոնի առջեւ, ինչպէս որ ուզէք։

— Ես չեմ գիտեր,— ըսի կամաց ու մեքենաբար եւ շատ տրտում նայեցայ տրտում տղուն, որ աւելի տժգունեցաւ ու գլխարկը հանեց։

— Օրիո՛րդ Մանուկեան,— շարունակեց Սարունին,— Ձեզի կը ներկայացնեմ իմ պզտիկ ու տաղանդաւոր բարեկամս՝ Սուրէն Սարգիսեան, Ձեր մոլեռանդ հիացողներէն։ Երբեմն ինծի կ’օգնէ ձեռագիրներս կարգի դնելու։ Կը գրէ, կը նուագէ, կը դաշնակէ։

Ու իր ձեռքը դրաւ ուսին։

— Կը հաւատամ,— ըսի կամաց,— հայ գրականութեան մէջ ասպարէզը աղմկարարներունն է, մինչդեռ քանինե՜ր կան, ոը լռութեան մէջ կ’աշխատին, Պարո՛ն Սարունի։ Լաւագոյն երգերը անոնք են, որ չեն գրուած, ու անոնք, որ լոյսին տակ կը մեռնին։

— Երբեմն գիշերները կուգայ ինծի,— շարունակեց,— իր գունատած ջութակովը ու կը նուագէ իր դաշնակած եղանակները։ Ձեզ կը վստահեցնեմ, ոը իր նուագը աւելի յուզիչ է, քան մեր արհեստով ջութակահարներէն շատերունը։

Ես կը նայէի անոր տժգոյն դէմքին եւ կը զգայի, որ ես ալ կը տժգունիմ։ Անձկութեամբ ձեռք տուի իրեն, եւ ան սեղմեց իմ դողդոջուն ձեռքս վախով ու աչքերը կախեց գետին։

— Իր եղանակներէն մէկը մանաւանդ,— շարունակեց Սարունին,— զիս տարապայմանօրէն կը յուզէ, ինծի կը յիշեցնէ լեհական մելամաղձոտ մեղեդի մը, զոր լսած եմ Վարշաւիոյ մէջ 1923ի աշնան՝ անձրեւոտ մութ գիշեր մը։ Կ’արժէ որ լսէք զայն։

— Ինչպէ՞ս կը կոչուի,— հարցուցի դողդոջուն ու զգացի, որ ձայնս խեղդուեցաւ։

— Չե՛մ գիտեր։ Սուրէ՛ն, ինչպէ՞ս կը կոչուի ցայգերգը, զոր կը նուագես ինծի։

— «Մահուան առագաստ»,— պատասխանեց Սուրէնը՝ առանց նայուածքը բարձրացնելու։

Ես ցտեսութիւն ըսի իրենց ու արագ քայլերով հեռացայ՝ պատրուակելով, որ մուշտակս ներսը մոռցած եմ, որովհետեւ զգացի, որ կրնամ երկար նայիլ Սուրէնին տժգոյն դէմքին եւ անոր երկար ու սեւ թարթիչներուն, որոնց ետեւէն անոր աչքերը կը փայլէին խորհրդաւոր բոցով։

* * *

Հագայ մուշտակս, եւ ընկերուհիի մը հետ բարձրացանք Ս. Միշէլի ծառուղին։ Հանդիպեցանք ճամբան ամբողջ մեր խումբին։ Սարունին եւ Սուրէնը կուգային մեր ետեւէն։ Ոմանք առաջարկեցին, որ սրճարան մը երթանք բոլորս մէկ, ուրիշներ ուզեցին Լիւքսէնպուրկի պարտէզը երթալ։

Ձիւնը կը տեղար անընդհատ նուրբ ու խելօք փաթիլներով։ Սալայատակները արդէն սպիտակ էին։ Բայց օդը մեղմ էր։ Ձիւնը կը զուարճացնէր մեզ, եւ յուսառատ ու ուրախ էինք ներկայացման նախօրեակը ըլլալուն։

Աղմուկով ու ամբողջ սալայատակը բռնած՝ ուղղուեցանք դէպի պաըտէզը։ Ծառուղին գրեթէ ամայի էր։ Մեզմէ ոմանք կ’երգէին հայերէն կամ ֆրանսերէն։ Ես եւ ընկերուհիս կը քալէինք առջեւէն ու կը խօսէինք սիրոյ մասին։