Պարտէզը գրեթէ մարդ չկար։ Մերկացած ծառերուն տակէե երբեմն հատ հատ անցորդներ կ՚անցնէին՝ խոհուն ու դանդաղ։
Ու կը նայէի հեռուն եւ կը մտածէի Սուրէնին վրայ։ Կ՚ուզէի խօսիլ իրեն, բայց պատրուակ չէի գտներ։ Ինչպէ՜ս կ’ուզէի խնդրել իրմէն, որ ինծի ալ նուագէ իր «Մահուան առագաստը»։ Ան կը քալէր աչքերը գետին ու մտիկ կ՚ընէր Սարունիին, որ կը խօսէր խորհրդապաշտ դպրոցի մասին։
Ես կը լսէի անոր ձայնը՝ զօրաւոր ու տրտմաբեկ եւ անկապ բառեր, որ իմ մտածումիս մէջ իմաստ կը ստանային՝ «Մէթէրլինկ», «Կապոյտ թռչուն», «Իշխանուհի Մալէն», «Խոնարհներու գանձը», «Հանրի տը Րէնեիէ», «Մալլարմէ», «Փօլ Վալէրի», «Կարմիր օձը»։
Շուրջանակի նստանք տաղաւարի մը տակ։ Տասնըերկու երիտասարդներ էինք՝ աղջիկներ ու տղաք։ Սարունին եւ Սուրէնը կը պտտէին քիչ մը հեռուն՝ կասկենիներու ծառուղիին վրայ։ Ձիւնը ճերմկցուցած էր անոնց ուսերը։
Ես կը նկատէի անոնց շրթներուն շարժումը, եւ ինծի կը թուէր, թէ սիրոյ մասին կը խօսին, ու սիրտս երջանկութեամբ ու մելամաղձոտութեամբ կը լենար։
Մեզմէ մէկը առաջարկեց «ծաղիկ ծաղիկ» խաղալ։ Ձիւնը սկսաւ սաստկանալ, բայց Սարունին ու Սուրէնը կը շարունակէին շրջագայիլ՝ գլխահակ ու առանց աճապարանքի։
— Պարտէզիս մէջ այս առաւօտ բացուեցաւ երեք ծաղիկ։
— Ինչո՞ւ ըլլայ երեք ծաղիկ։
— Հապա քանի՞ ծաղիկ։
— Թող ըլլայ չորս ծաղիկ։
Ու ճաղատ գլուխով երիտասարդ բանաստեղծ մըն էր, որ կը պատասխանէր լիրբ ու թաւ ձայնով՝ բառերը հազիւ արտասանելով։
— Ինչո՞ւ ըլլայ չորս ծաղիկ։
— Հապա քանի՞ ծաղիկ, պարո՛ն։
— Թող ըլլայ երեք ծաղիկ, օրիո՛րդ։
Ձիւնը սկսաւ աւելի սաստկանալ։ Ոմանք կանչեցին Սարունին, իսկ ան կը վարանէր գալ։ Սուրէնը մեզմէ չէր, իսկ Սարունին չէր ուզեր զայն մինակ ձգել։
Մէկը պոռաց.
— Պարո՛ն ամբարիշտ, հաճեցէք մտնել մեր Սոդովմ-Գոմորը...։
— Պարո՛ն հեթանոս վիպող, հաճեցէք երկրպագել մեր Աթենասին։
Ես բարձրացայ ու պոռացի.
— Պարո՛ն Սարունի, եթէ Ձեր ընկերոջմէն չբաժնուելու համար է, որ չէք գար, զայն ալ բերէք հետերնիդ։
Բոլորը ձայնակցեցան.
— Այո՛, այո՛, Պարո՛ն Սարունի, Ձեր ընկերն ալ բերէք։
Անոնք եկան։ Սարունին նստաւ ազատ աթոռի մը վրայ, իսկ Սուրէնը մնաց ոտքի վրայ։ Մէկ պարապ աթոռ կար միայն, որուն վրայ ես դրած էի ձեռքի պայուսակս ու գիրք մը։ Ես խնդրեցի որ նստի ու իրերս վերցուցի։ Ան տժգունեցաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց դողղոջուն ձայնով եւ ըսաւ, որ կը նախընտրէ ոտքի մնալ։
Ես պնդեցի յուզումէ ծանր ձայնով՝ վախնալով, որ բոլորը ինծի կը նային։ Ան ի վերջոյ նստաւ, ու խաղը վերսկսանք։ Անոր գլուխը բաց էր ու ճակատը տժգոյն։ Հարցերուն կը պատասխանէր շատ զգուշութեամբ. ակներեւ յուզում մը կը կապտէր անոր համարձակութիւնը։