Jump to content

Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/16

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

– Սիրուն տղայ է,– ըսաւ խորամանկ ժպիտով,– տաղանդաւոր ալ է, ի հա՛րկէ, կ՚ուշանաս...

– Հրա՛նդ, գիտցածիդ պէս չէ,– ըսի տժգոյն,– ի՜նչ յիմար ես։

– Մի բողոքեր,– ըսաւ լրջօրէն,– ինչ կ՚ըլլայ որ, կը սիրէս, սիրէ՛, միայն թէ գիշերները դուրսը թափառելէ աւելի լաւ կ՚ընես, եթէ քնանաս։ Նայէ՛, տժգոյն ես։

– Այո՛,– ըսի,– բայց առաջին անգամն է, որ թատրոն կ՚երթանք միասին։

– Կը նշանակէ, որ սկսար սիրել զինքը։

– Ո՛չ, ո՛չ,— ըսի տխուր։

Ան հարցուց, թէ պիտի քնանա՞մ, ու երբ ըսի, որ ոչ, ընկղմեցաւ թիկնաթոռիս մէջ ու շարունակեց իր ընթերցումը։

* * *

Սեղանիս վրայ նորէն ծաղիկներու խոշոր փունջ մը կայ։ Պէտք է հասկնամ, թէ ով ղրկած է ինծի զայն։

Կը բանամ Ա. տը Վինէիի բանաստեղծութիւններու գիրքը ու կը կարդամ «Մովսէս»ը։

* * *

Եղբայրս գնաց քնանալու, բայց ես չեմ կրնար աչքերս փակել: Ձեռքիս վրայ կ՚այրի Սուրէնին համբոյրը։ Իրաւ, տժգոյն եմ ու տկար. կը զգամ, որ սիրտս կատաղօրէն կը զարնէ կրծքիս տակ։ Աստուա՛ծ իմ, ինչո՞ւ այսպէս տրտում եմ ու հիւանդ, ինչո՞ւ։

Կը հանեմ շրջազգեստս ու կը քանդեմ մազերս, բայց մութին մէջէն կը շողան անոր սեւ ու բոցավառ աչքերը։ Կ՚ելլեմ ոտքի։ Վառարանին կրակը կը նորոգեմ։ Կը նուագեմ Սէն-Սանսէն կտոր մը, բայց անխզելի լռութեան մէջ դաշնակիս ձայնը անձկութիւն կը պատճառէ ինծի։ Կը սպասեմ անհանգիստ, որ առաւօտը ծագի, ու վերջապէս գայ ճակատագրական վայրկեանը։ Չէ՞ որ վաղը գիշեր ժամը 9ին պիտի խաղանք Հ. Պաթայյի «Մերկ կինը»։

* * *

Կը թղթատեմ օրագիրս։ Ի՞նչ իմաստ ունի այսքան մանրամասնելը։

Եթէ կորսուած օրերու ու յուզումներու յիշատակը պահել է նպատակս, նախադասութիւն մը կը բաւէ յիշատակներու վարագոյրը վերցնելու համար։ Յաճախ ծաղիկի մը բուրումը կը բաւէ կարօտներու ընդարձակ աշխարհ մը լուսաւորելու։ Յետոյ՝ բառերը չորցած զգայարանքներով ներքինիներ են. ոչ մէկ մաքուր ու ազնիւ զգայնութիւն կամ մտածում չէ կարելի վստահիլ անոնց։

Լաւ է՝ նստիմ հոս՝ վառարանիս առջեւ, ու երազեմ գարունը, որ պիտի գայ լելակներո՜վ, լելակներո՜վ։ Ես պիտի ուզեմ այն ատեն նստիլ գիւղական փոշոտ ճամբու մը եզերքը ու նայիլ վերադարձող նախիրին։ Կեցնել խոշոր ու սեւ աչքերով կով մը ու նայիլ անոր աչքին, ուր ըլլայ Սուրէնին սիրելի գլուխը՝ բնանկարի մը մութ յատակին վրայ։

7 Յունուար, ուշ գիշերին

Խառն բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը։ Որոշեալ ժամէն հինգ վայրկեան առաջ հասայ թատրոն։ Բոլորը անհամբեր ինծի կը սպասէին։

Սիրտս անհանգիստ էր կրծքիս տակ։ Մէկ, երկու, երեք, ու վարագոյրը վերցուցին։ Յանկարծական տրտմութիւն մը գրաւեց մարմինս։ Ճակատս կ՚այրուէր, ու շրթներս կը