դողային։ Բազմութեան տեսքը ու անոր համակրութիւնը քաջալերեց զիս, եւ ներքին մեծ ու անզուսպ յուզում մը, հակառակ տկարութեանս, մինչեւ վերջին արարը ոտքի պահեց զիս։ Ծափեցին զիս վայրենօրէն՝ իւրաքանչիւր միջնարարի։ Ոմանք ոտքի վրայ՝ իրենց գինով ձեռքերը օդին մէջ, ուրիշներ՝ ոտքերով ծեծելով տախտակամածը, եւ բոլորը գինով ու բոլորը յուզուած։
Աստուա՜ծ, ինչպէ՜ս տժգոյն եմ դեռ ու ինչպէ՜ս տկար։ Կարծես հիւանդ եմ սիրով եւ երջանկութենէ կը տառապիմ։
Երբ վերջացաւ, վերարկուս հագայ ու շտապով դուրս եկայ՝ առանց նայելու հանդիսականներու բազմութեան, որ կը շրջապատէր զիս շնորհաւորելու համար։ Մարմինս կը մերժէր ոտքի վրայ մնալ, եւ կը զգայի, որ կրնամ իյնալ գետին, եթէ շուտով չհանգչիմ։ Արագ անցայ սրահէն, ուր բոլորը ճամբայ կուտային ինծի ու կը ծափէին։ Բոլորը կը ծափէին զիս, բոլո՛րը։
Դրան առջեւ տեսայ ծանօթ մտաւորականներ, բայց անցայ առանց բարեւելու։ Տեսայ նաեւ Սուրէնը՝ իր ընկերներուն մէջտեղը, տժգոյն ու գլխաբաց։ Մօտեցայ ու բարեւեցի զայն։ Հագած էր իր սեւ շապիկը՝ առանց թիկնոցի։ Ըսի.
— Բարեւ Ձեզ, Պարո՛ն Սարգիսեան, չէ՞ք մսիր առանց թիկնոցի։
Եւ ձեռքս երկարեցի իրեն։ Ան սեղմեց դողդոջուն ձեռքս իր տժգոյն մատներով ու գունատեցաւ։ Օ՜, այո, գունատեցաւ այդքան մեծ երջանկութեան մը համար, ու գիրքը ձեռքէն ինկաւ գետին։
— Նորէ՞ն Քօլէթ, Պարո՛ն Սարգիսեան։
— Օ՜, ո՛չ, օրիորդ։
Ես նայեցայ գրքի խորագրին. Դոստոեւսքիի «Ապուշ»ն էր։ Ու երբ գիրքը վերադարձուցած ատենս մեր ձեռքերը հանդիպեցան իրարու, զգացի տկարութեան ու երջանկութեան ալիք մը, որ, բարձրանալով ծունկերէս, կը հասնէր շրթներուս ու ռնգունքներուս։
Հիմա կը յիշեմ, որ Սարունին նստած էր առաջին նստարաններէն մէկուն վրայ։ Միջնարարներուն չեկաւ զիս տեսնելու՝ հակառակ իր սովորութեան։ Ու վերջանալէն յետոյ, երբ քովէն անցայ, դէմքը դարձուց։ Տեսայ, որ կը խօսէր ծեր վիպողի մը հետ։ Ձեւացուց, թէ չնկատեց զիս։ Լա՛ւ։
Եղբայրս նորէն վշտացած է ինծի, չեմ գիտեր ինչու։ Մինակը կը նուագէ իտալական եղանակ մը, զոր սորվեցանք անցեալ տարի Բալէրմոյէն անցած ատեննիս։
Վառարանիս կրակը կը նորոգեմ ու կը կարդամ բազմոցիս վրայ պառկած Սողոմոնի «Երգ երգոց»ը՝ մերկ ոտքերս պահած աղուէսի մորթի մը մէջ։ Ինչպէ՜ս տկար եմ ու ինչպե՜ս երջանիկ։
Ես զայն, փնտռեցի, բայց չգտայ,
Ես ձեզ կ՚երդուըննամ, Երուսաղէմի աղջիկներ,
Եթէ հանդիպիք իմ սիրականիս,
Ըսէք իրեն,
Որ ես հիւանդ եմ սիրով։