Jump to content

Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/21

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

«Ես կ’ուզէի արտասանել Ձեր ներկայութեանը խռովիչ բանաստեղծութիւններ, բայց իմ շրթներս չար են ու ցուրտ։ Ինչ որ կրցայ ըսել, դառնութեան ու տկարութեան խօսքեր են միայն, ես՝ անշնորհք ու արհամարհելի բանաստեղծ։

«Ես կ’ուզէի Ձեզի խոստովանիլ ամբողջ ճշմարտութիւնը, ամէն ինչ, որ գիտէի, ամէն ինչ, որ կը նեղէր զիս, ամէ՛ն ինչ։ Բայց ինչ որ կ’ըսեմ, ստութիւն է միայն ու կեղծիք, ես՝ անուղղելի ու ստորին արարած, ես՝ վիժած ստեղծագործեալ։

«Հաճեցէք գթալ իմ վրաս, Աստուածուհի՛, Աստուածուհի՝ ներողութեան ու անյիշաչարութեան՝ յանուն տառապանքիս ու դժբախտութեանս, յանուն սիրոյս եւ ցաւիս, յանուն արարչութեան, որ բարի է, նորոգող։

«Հիմա հաճեցէք բանալ Ձեր դուռը ինծի եւ թոյլ տուէք, որ մտնեմ Ձեր յարկին տակ։ Ես կը հնազանդիմ Ձեր հրամաններուն ու կը կատարեմ Ձեր քմահաճոյքները, ես Ձեր գերին կ՚ըլլամ, ես՝ ազատ ամբարիշտ։

«Ես աղտոտ եմ ու բորոտ, լուացէ՛ք զիս, տիրուհի՛։

«Ես կորսուած եմ, փրկեցէ՛ք զիս, ազատարա՛ր։

«Ես հիւանդ եմ ու տխուր, դարմանեցէ՛ք, ներեցէ՛ք ինծի, բժշկո՛ղ։

«Ես կեղծաւոր եմ ու անհաւատարիմ, ներեցէ՛ք ինծի, անյիշաչա՛ր։

«Ես տժգոյն եմ ու դժնէ, ու շատ պզտիկ. գրկեցէք զիս, ո՛վ հարս սիրոյ եւ ցաւի, եւ հաճեցէք ընդունիլ իմ դողդոջուն եւ երախտապարտ ձեռքերէս վայրի ծաղիկներու այս փունջը իմ սիրոյս եւ տրտմութեանս»։

25 Յունուար

Ցուրտ ու ձանձրալի օրեր ու անընդհատ անձրեւ։ Խոշոր կաթիլներով ու չար անձրեւ։

Երկար ատենէ դուրս չեմ եկած տունէն, ու մինչեւ Փետրուար տասնըհինգ որեւէ ներկայացում չունինք։ Բայց անհանգիստ եմ։ Ժամերը կ’ընթանան սենեակիս մէջ չափազանց դանդաղութեամբ։ Թանձր տխրութիւն մը իջած է վրաս։ Կը կարդամ առանց դադարի։ Ներկայացման գիշերէն յետոյ հոգիս տրտում է։ Ո՛չ այցելուներս կը գոհացնեն զիս, ո՛չ ալ առանձնութիւնը։ Յարատեւ ու անորոշ անձկութիւն մը կը դառնացնէ զիս։ Գիշերները կը լուսցնեմ յաճախ թիկնաթոռիս մէջ։ Ժամերը կը քալեն դժուարութեամբ, եւ քունը հազիւ կը փակէ կոպերս։ Մայրս առաւօտը զիս կը գտնէ այդ վիճակին մէջ՝ ելեկտրական լոյսը վառ եւ կրակը չնուաղած դեռ։

Ինչքա՜ն երազներ դեռ լոյսը չբացուած դուրսը՝ պարտէզին վրայ, սենեակիս ախորժելի ու գաղջ ջերմութեան մէջ։ Սիրոյ ու երջանկութեան երազներ, որոնք կը քակուին իրարու ետեւէ, կը լայննան, կը տարածուին, ինչպէս բնանկարներ, երբ երկաթուղիին մէջէն կը դիտեն հեռացող հորիզոնը։

Անոր անունը կ’այրի շրթներուս վրայ, եւ երբ աչքերս փակեմ մութին մէջէն, լուսաւոր պաստառի մը վրայ կ’երեւայ անոր կիսադէմքը, եւ ինծի կը թուի, թէ ան կը մտածէ խոր ու վտանգաւոր բաներու մասին։ Տժգոյն Սուրէնը։

* * *

Ցուրտ է այս գիշեր։ Յոգնած եմ, բայց չեմ կրնար քնանալ։ Կը բանամ գիրք մը, բայց շատ տխուր եմ՝ ընթերցումով կարենալ մխիթարուելու համար։

* * *

Քիչ առաջ գացի եղբօրս սենեակը։ Երկար ատենէ չէր խօսեր ինծի։