ծեր մեղաւորուհիներուն, բանաստեղծներուն եւ ապուշներուն, չարերուն եւ զեղծարարներուն։
«Եւ վերջապէս, կը ճանչնամ նաեւ սէրը, տիրուհի՛, տիրուհի՝ սիրոյ եւ ատելութեան, ցաւի, արտասուքի եւ ուրախութեան։ Եւ այդ է արդէն պատճառը աղքատութեանս ու դժբախտութեանս, յուսահատութեանս ու մերկութեանս։
«Ես կը ճանչնամ սէրը մարդոց եւ անասուններու, տիեզերքի եւ հայրենական երդիքի, սէրը՝ աղքատներու եւ հարուստներու։ Սիրոյ սէրը եւ ցաւի, Աստուծոյ ահեղ ու հեթանոս աստուածներուն, եւ գեղեցկութեան, եւ ուրախութեան։ Կը ճանչնամ մայրական սէրը՝ մաքուր եւ խորունկ, եւ մեղքինը՝ հեթանոս ու դառն։
«Ես ահաւասիկ եմ, տիրուհի՛, տիրուհի՝ լոյսի եւ մխիթարութեան, սպիտակ աղջիկ, Ձեր դրան առջեւ երիտասարդ ու մեղաւոր, աղքատ ու մերկ, դողդոջուն ու անձկութենէ տկար։ Կտրած եմ ամբողջ աշխարհը՝ լսելու համար Ձեր ձայնին խռովիչ բանաստեղծութիւնը եւ տաքնալու համար Ձեր նայուածքին սեւ ու յաւերժաբոց արեգակին տակ, ես՝ ապերախտ ու թունաւոր օձ, ես՝ աղտոտ ու մութ խորխով անասուն, ես՝ զզուելի հողածին։
«Ես հիւանդ եմ սիրով ու տրտմութեամբ։ Ես ամէնէն չար, ամէնէն կեղծաւոր, ամէնէն անհաւատարիմ ու երախտամոռ ու ամէնէն չարաշահ մարդն եմ, տիրուհի՛, բարերար աղջիկ։ Ես վայրենի եմ վայրենիներուն մէջ ու անգութ՝ անգութներուն մէջ։ Կ՚ատեմ կեանքը առանց Ձեր ներկայութեան, բայց բաւական քաջարի չեմ մահը դիմակայելու համար։
«Հաճեցէք գթալ իմ վրաս, ողորմածուհի՛։
«Ես ծարաւ եմ Ձեր ձայնին՝ քաղցր ու չար, Ձեր նայուածքներուն՝ մութ ու գգուող, եւ Ձեր գգուանքներուն՝ բարի ու դառն։ Ես սիրոյ մուրացկան մըն եմ՝ հիւանդ ու խեղանդամ։ Ես կ՚ուզեմ աղաղակել իմ դժբախտութիւնս ու չեմ կրնար, կ՚ուզեմ լալ բարձր, շատ բարձր, հեծկլտագին ու յուսահատ՝ պարպելու համար սիրտս, բայց շատ հպարտ եմ ու կը մնամ խաւարին մէջ, ու կը խածնեմ բերանս, ու կ՚արիւնիմ։ Օ՜, թշուառականը, որ ես եմ։
«Հաճեցէք գթալ իմ վրաս, ո՛վ շռայլ Աստուածամայր։
«Ես աղտոտ եմ ու խենէշ, յոգնած ու բորոտ ու հիւանդ զգայարանքներով։ Խղճմտանքս ծանր է անհամար յանցանքներով։ Ես ոճրագործ եմ, ոճրագործ սիրոյ եւ խաղաղութեան։ Ես դահիճ եմ օրերուս, անկիւններու չար ոգի, գռիհներու ուխտաւոր։ Պոռնկատան պատին վրայ ես տրտում լոյսի կտուց։
«Հաճեցէք գթալ իմ վրաս, մաքո՛ւր աղջիկ՝ յուսահատութեան ու տրտմութեան Մագթաղենացի։
«Այսուհանդերձ, ես կը համարձակիմ աղաղակել, որ կը սիրեմ Ձեզ։ Ես Ձեզ կը սիրեմ ամենուրեք եւ ամէն վայրկեան։ Առանձնութեանս մէջ եւ ցաւիս։ Սրտովս եւ ուղեղովս։ Ձեռքերով չար ու շրթունքներով պագշոտ եւ ռնգունքներով մեղաւոր, աչքերով՝ երազներով հարուստ, ու ականջներով ծարաւի... Ես Ձեզ փնտռած եմ կիներուն մէջ եւ ծաղիկներուն, աստղերուն մէջ եւ երազներուս։
«Հաճեցէք գթալ իմ վրայ, ո՛վ հարս լիութեան ու գարնանային։
«Ես կ՚ուզէի դաշնակել սիրոյ շարական մը Ձեզ հաճելի ըլլալու համար, բայց ինչ որ կրցայ, մահաքայլերգ մըն է գիշերային, որ կը կոչուի «Մահուան առագաստ»։ Ես՝ գուժկան երաժիշտ։
«Ես կ՚ուզէի Ձեզ առաջարկել ծծմորներու եւ նարկիզներու փունջ մը, բայց հաւաքածս գէշ խոտերու ու փուշերու խուրձ մըն է միայն, ես՝ ողորմելի թափառաշրջիկ։