Jump to content

Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/32

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

«Կ՚ուզեմ տակաւին երկար գրել, բսւյց կը վախնամ, որ ձանձրանաք։ Կը յիշեմ այն գիշերը պատշգամին վրայ։ Ներեցէ՛ք, եթէ ըսեմ, որ այսուհանդերձ երախտապարտ եմ Ձեզի մեծ ու վնասակար պատրանքէ մը զիս փրկած ըլլալնուդ համար։ Այսպէս աւելի տաժանելի, բայց աւելի մարդկային է։ Սիրել Ձեզ հեռուէն ու գիտնալ, թէ բնաւ չպիտի յիշէք զիս։ Կը յիշեմ Ձեր սենեակը։ Ձեր լուսամփոփը։ Ձեր դաշնակը, ու ինծի կը թուի, թէ Ձեր ձայնը ամենուրեք կ՚ընկերանայ ինծի ու կը տրտմեցնէ զիս։ Կը յիշեմ Ձեր վերջին բառը, ու սիրտս կ՚արիւնի՝ «ապո՜ւշ»։ Ի՜նչ նախատինք ու ի՜նչ զայրոյթ։ Կարծելու չէք, որ ուրիշ անգամ մըն ալ պիտի յիշեցնեմ ատիկա։ Ներեցէ՛ք, օրիո՛րդ, «սիրոյ մուրացկան»ի մը ու մի՛ մոռնաք, որ հեռուն մէկը ունիք, որ միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ իր կարելին ընել Ձեզի համար եւ իր ամբողջ ունեցածը զոհել, եթէ ուզէք։ Կը բարեւեմ Ձեզ ու կը մաղթեմ սրտանց, որ Ձեր սիրուն դէմքը չկնճռոտի բնաւ ցաւի պրկումէ մը։ Նուագեցէք ինծի համար Սուրէնի «Մահուան առագաստ»ը։ Ինք ըսաւ, որ պիտի ղրկէ Ձեզի...»։

* * *

Փետրուար տասնըհինգին մեր խումբը պիտի խաղայ «Ինկած բերդի իշխանուհին»։ Տրամադրութիւնս վատ էր։ Դերերու բաժանումին ատեն անհամաձայնութիւն ծագեցաւ խումբի ղեկավարին ու մեր միջեւ: Տարիքս պատրուակելով՝ չէր ուզեր ինձ յանձնեյ Աննա իշխանուհիի դերը։ Ես դուրս եկայ սրահէն ու գրեցի իրեն, որ կը հրաժարիմ խումբէն։

Այդ որոշումը տուի յանկարծ ստորերկրեայ երկաթուղիին մէջ։ Եղբայրս երկար ատենէ խորհուրդ կուտար արդէն կապս կտրել խումբին հետ ու դադրիլ խաղալէ։ Իրաւունք ունի։ Նիւթականի հոգ չունիմ, ու դերասաններու շրջանը կը յուսահատեցնէ զիս։ Այնքան տգիտութիւն ու գռեհկութիւն կայ շուրջս, որ կը վախնամ ինծի համար։ Սիրտս հանգիստ է, ու չեմ ցաւիր տուած որոշումիս համար։ Բացառիկ առիթներով առանց նիւթականի ակնկալութեան կ՚արտասանեմ ու կը նուագեմ, բայց չեմ խաղար։ Իրա՛ւ է, որ ամբոխը կը սիրեմ։ Կը սիրեմ իր ծափը, իր կատաղութիւնը, իր կիրքը, բայց անպայման խաղալով չէ, որ իր սէրը կարելի է գրաւել։

* * *

Քիչ առաջ մեր խումբին ղեկավարը մեկնեցաւ քովէս։ Երկտողս ստացածին պէս վազած էր մեզի։ Շփոթած ու տժգոյն մտաւ սենեակս։ Ամբողջ ժամ մը ոտքի վրայ խօսեցաւ, համոզեց, աղաչեց։ Մայրս մտիկ կ՚ընէր զինքը յարաճուն անհանգստութեամբ ու կը սպասէր պատասխանիս։ Պատասխանեցի, որ վաղը որոշ բան մը կ՚ըսեմ իրեն եղբօրս հետ խօսելէ յետոյ։ Բայց այնքան պնդեց, որ առ ի երախտագիտութիւն՝ ընդունեցի մինչեւ յառաջիկայ ամառ շարունակել։ Ուրեմն՝ Փետրուար տասնըհինգին պիտի խաղանք «Ինկած բերդի իշխանուհին»։ Աննա իշխանուհին ես եմ։

* * *

Արուեստը մարդկային մտքի ամէնէն շքեղ ստեղծագործութիւնն է։ Բայց արուեստի ամէնէն կատարեալ ու ամէնէն յաւիտենական ձեւը բանաստեղծութիւնն է, որովհետեւ ան է միայն, որ կրնայ իր ամբողջ գեղեցկութեամբ ու կարելի հարազատութեամբ վերարտադրել մարդկային սիրտը, որ մեկնումի կէտն է արարչութեան։ Թատրոնը ժամանակաւոր է ու խուսափուկ։ Ի՞նչ պիտի մնայ վաղուայ մարդկութեան Էլէօնօրա Դիւզէէն,