Jump to content

Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/31

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Կոյսերը, գեղեցիկ աչքերով կ՚անցնին, ու գիշերը կ՚իյնայ...
Սիրենք զանոնք։ Աւելի հանգիստ պիտի ըլլանք դագաղին մէջ
Ու աւելի խաղաղութեամբ պիտի քնանանք մահուան փոսին մէջ մութ,
Եթէ մեր անդամները յոգնած ըլլան շատ սիրած ըլլալնուս։
Ես չեմ պաշպանուիր սիրոյ դէմ։ Իմ սիրտս՝
Աղջկայ մը համար քաղցրադէմ կամ հեգնող,
Նստած իր դրան առջեւ, ճամբու դարձուածքին վրայ,
Կամ խուսափուկ ծիծաղի մը համար, որ մարդ անցած ատեն կ՚ունկնդրէ։
Կամ երգի մը համար, որ կը թռչի ու կը կորսուի հովին հետ,
Կը հառաչէ։ Եւ ասոնք ապրողներու մեղքերն են։

2 Փետրուար

Սարունիէն ստացայ հրաժեշտի նամակ մը՝ ներողութեամբ, տրտմութեամբ ու բանաստեղծութեամբ թրթռուն.

«...Գուցէ վատութիւն է փախչիլ տառապանքէն, չեմ գիտեր, բայց չեմ կրնար այս քաղաքը մնալ, որովհետեւ Ձեր յիշատակը կը չարչարէ զիս։ Ձեր ներկայութիւնը այնքան զգալի է հոս, որ ամէն քայլափոխի, ամէն փողոցի անկիւնը ինծի կը թուի, թէ Ձեզ պիտի հանդիպիմ, եւ սրունքներս կը տկարանան, ու դժնդակ ցաւ մը կը կծկէ սիրտս։ Կը փախչիմ մանաւանդ սենեակէս ու իրերէս, որովհետեւ այստեղ ամէն բան Ձեզմով կ՚ապրի մտածումիս մէջ։ Ծխամորճս կը ծխեմ, ու ծուխին մէջէն կը բարձրանայ Ձեր հասակը՝ վայելուչ ու հպաըտ։ Կը բանամ ձեռագիրներս ու ամէն տողի տակէ կը զգամ Ձեր աչքերուն բոցը, Ձեր ձայնին նուագը, Ձեր շրթներուն առանձնայատուկ կծկումը։ Չեմ ըսեր, թէ պիտի աշխատիմ մոռնալ Ձեզ։ Գիտեմ, որ անօգուտ է։ Բայց չպիտի ստեմ նաեւ՝ ըսելով, որ բնաւ չեմ ջանացած ազատագրուիլ այդ տառապանքէն, այդ դժնդակ երջանկութեան շղթաներէն։ Ձեր ընկերուհին պատմած կ՚ըլլայ Ձեզի պարասրահի յիմարութիւնս։ Չեմ գիտեր, ծիծաղեցաք թէ գթացիք վրաս։ Ամենայն դէպս, պիտի նախընտրէի մէկը կամ միւսը, որովհետեւ կը վախնամ, ոը անտարբերութեամբ լսած ըլլաք յուսահատութեանս ու սիրոյս այդ ապացոյցը։ Կը տկարանամ Ձեր ցրտութեան վրայ մտածելով ու խորապէս կը զգամ, թէ որքան կին մը վայրի ու հպարտ կրնայ ըլլալ, բայց մանաւանդ՝ անգութ, երբ չի սիրեր։

«Այս գիշեր իննի շոգեկառքով պիտի մեկնիմ։ Եթէ թոյլ տայիք միայն, որ երբեմն գրէի Ձեզի՝ առանց պատասխանի սպասելու ակնկալութեան, անհունօրէն մեծ շնորհ մը պիտի ըրած ըլլայիք ինծի։

«Սուրէնը տեսայ երէկ։ Բարեւեցինք իրար։ Աշխատանքէ կուգար։ Ըսաւ, թէ կը ցաւի, ոը ակամայ պատճառ դարձած է դժբախտութեանս։ Շատ տժգոյն էր ու այնքան անկեղծ, որ չկրցայ յուզումս զսպել ու ամէն բան ըսի իրեն։ «Եթէ գիտնայի,— ըսաւ,— կը մեկնէի այս քաղաքէն։ Ես վարժուած եմ տառապելու։ Բայց հիմա շատ ուշ է ալ, չեմ կրնար»։ Միատեղ գացինք իր սենեակը, ու վերջին անգամ նուագեց ինծի իր «Մահուան առագաստը»։ Ձեզմէ պիտի խնդրեմ, որ պաշտպանէք զինքը. այնպէս տկար է ու տրտում եւ այնպէս տժգոյն, որ գէշ նախազգացում մը երէկուընէ ի վեր կ՚աշխատի մտքիս մէջ։ Այո՛, կը խնդրեմ Ձեզմէ, որ քոյր ըլլաք իրեն։ Կը սիրէք զայն։ Ան ալ՝ Ձեզ, ու Աստուա՜ծ իմ, ի՜նչ անբացատրելի ու վայրենի սիրով, գիտնա՜ք։ Թէեւ երբեք սպասելու չէք, որ ատիկա ըսէ Ձեզի։ Հպարտ է մահու չափ։ Չէ ըսած նաեւ ինծի։ Բայց ես կը ճանչնամ զինքը։ Ներփակ Ձեզի կուտամ իր հասցէն։ Գացէք տեսնելու զինքը։ Երէկ հիւանդ էր ու ըսաւ, որ այսօր գործի չպիտի երթայ։