Անկիւնի լրագրավաճառէն գրական թերթ մը գնեցի ու նստայ սրճարանի մը յառաջամասը՝ սպասելու համար, որ ընթրիքի ժամը անցնի, եւ Սուրէնը կարենամ իր սենեակը գտնել։ Ամէն բան բնական ու ներդաշնակ էր շուրջը։ Բազմութեան աղմուկը, հանրակառքերու ու ինքնաշարժերու երթեւեկը հաճելի թուեցաւ ինձի։ Սալայատակին վրայէն անցաւ երիտասարդ մը, որ յայտնապէս օտար էր։ Ան նայեցաւ դէմքիս ժպտուն ու գոհ։ Չեմ գիտեր ինչու, ես ալ ժպտեցայ։ Անոր հասակը գեղեցիկ էր, ու աչքերը՝ խոր կապոյտ։ Քիչ յետոյ կրկին անցաւ առջեւէս։ Նայեցայ այնպէս խստութեամբ ու տրտմութեամբ, որ գնաց՝ առանց ետին նայելու։ Բարձրացայ։ Վճարեցի ու կրկին ուղղուեցայ Սուրէնենց փողոցը։
Սիրտս հետզհետէ կ՚անհանգստանար կրծքիս տակ, ու կը զգայի, որ կարող եմ ամէն տեսակ խենթութեան։ Դանդաղօրէն բարձրացայ պանդոկի սանդուխներէն։ Գրասենեակի տիկնոջ հարցուցի, թէ հո՞ն է Սուրէնը։
— Ո՛չ, օրիո՛րդ,— ըսաւ քաղաքավարութեամբ։— Երկու օր է, որ գիշերները դուրսը կ՚անցընէ։
Այսուհանդերձ ես չհաւատացի կնոջ ու բարձրացայ սանդուխներէն։ Սպասուհիի մը խնդրեցի, որ ցուցնէ Սուրէնին սենեակը։ Աղջիկը ըսաւ, որ Սուրէնը բացակայ է։
— Գիտեմ,— ըսի խստութեամբ ու խնդրեցի, որ դուռը բանայ։
Աղջիկը կը նայէր ինծի վարանոտ ու շփոթ։ Այսուհանդերձ արտաքին երեւոյթս քաջալերեց զինքը, ու բացաւ։
Սենեակը կը բացուէր կողմնակի փողոցի մը վրայ։ Հեռուէն կ՚երեւէր Պանթէոնի գմբէթը։ Պատուհանները բացի, վառեցի լոյսը ու գլուխս դրի իր սեղանին վրայ։ Քունքերս ուժգնութեամբ կը զարնէին, ու սիրտս կը ցաւէր։ Հանեցի վերարկուս ու գլխարկս։ Անկիւնը դրուած էր ջութակը։ Պատին վրայ ճաշակով շարուած էին դիմանկարներ ու գիւղանկարներ։ Սեղանը մաքուր էր ու կանոնաւոր, հատորները բոլորը կազմուած միեւնոյն ձեւով՝ Պոտլէռ, Վէրլէն, Մալլարմէ, Րէմպօ, Կոմսուհի տը Նօալ, Փօլ Վալէրի, Ռօտէնբախ։ Անկիւնը՝ փոքրիկ ու սպիտակ մահճակալ մը ու ճամբու երկու պայուսակներ։
Մարմինս կ՚այրէր ջերմութենէ։ Կը զգայի, որ հետզհետէ համարձակութիւնս կը տկարանայ։ Արարքիս ամբողջ անպատեհութիւնը կը թանձրանար ու կը նեղէր զիս։ Բացի դարակը, պատռեցի իր նօթի տետրակէն էջ մը սպիտակ թուղթ եւ ուզեցի երկտող մը գրել։ «Սուրէ՛ն, Սուրէ՛ն»,— կը մրմնջէի դողդոջուն ու կը զգայի, որ յուզումը կը սեղմէ կոկորդս։ Մատներս կը դողդղային, ու կը զգայի, որ չպիտի կրնամ գրել։ Յանկարծ աչքերս թրջուեցան, ու հակառակ ամբողջ ճիգիս՝ սկսայ արտասուել։ Արագօրէն հագայ վերարկուս, դրի գլխարկս, փակեցի լոյսը ու իջայ վար սանդուխներէն՝ առանց մտիկ ընելու պանդոկապետուհիին, որ զիս կը կանչէր։
Տրտում ու յուսահատ շոգեկառք առի՝ տուն վերադառնալու համար։ Երբ հասայ մեր փողոցը, քաղաքային ժամացոյցը հատիկ հատիկ տասը զարկաւ։ Օդը ցուրտ էր, ու փողոցը՝ տխուր։ Հատ հատ անցորդներ կ՚անցնէին՝ պաշտպանուած հաստ վերարկուներու մէջ։ Յանկարծ մեր տանը մօտերը տեսայ սիլուէթ մը, որ շտապ քայլերով կը հեռանար հակառակ ուղղութեամբ։ Բնազդաբար զգացի, որ Սուրէնն է, ու յանկարծական տկարութիւն մը նեղեց զիս։ Բայց շտապեցի հասնիլ իրեն։ Կ՚ըսէի. «Սուրէ՜ն, կեցի՛ր, կեցի՛ր, Սուրէ՜ն»։ Բայց ան կը քալէր ու ետ չէր դարձներ իր գլուխը։
Վայրկեան մը տարակուսեցայ, որ ան չէ։ Բայց նկատեցի իր սեւ շապիկը։ Անհնար բան էր, որ սիրտս խաբէր զիս։ Յուսահատութենէս ու բարկութենէս սկսայ արտասուել։ Բայց կը քալէի կատաղօրէն ու կը զգայի, որ կը տժգունիմ։ Երբ բաւական մօտեցած էի, տեսայ, որ կռթնեցաւ տան մը պատին։ Մօտեցայ ու բարեւեցի զինքը։ Նայեցայ իր խոնաւ աչքերուն ու տժգոյն դէմքին խստութեամբ ու տրտմութեամբ եւ զգացի, որ անհունօրէն