Jump to content

Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/37

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

կը սիրեմ զինքը։ Ան կը նսւյէը գետին ու կը հեծկլտար։ Բռնեցի երկու ձեռքերէն ու ըսի.

— Սուրէ՛ն, ինչո՞ւ կը փախիս ինձմէ, չե՞ս զգար, որ կը սիրեմ քեզ։

Ու ձայնս խեղդուեցաւ։ Ան կ’արտասուէր բարձր ու յուսահատ եւ գլուխը դարձուցած էր անդին ամօթէն ու տրտմութենէն։

Կեցած էինք լոյսի կտուցի մը տակ։ Անոը ձեռքերը կ’այրէին ձեռքերուս մէջ։ Նայեցայ արտասուազօծ աչքերուն ու զգացի, որ հիւանդ է։

— Սուրէ՛ն, հիւանդ ես,— ըսի դողդոջուն։

— Այո՛,— պատասխանեց հեծկլտալով,— երկար ատեն է, շուտով կը վերջանայ։

— Ինչպէ՞ս թէ շուտով կը վերջանայ, Սուրէ՛ն։

Ու զգացի, որ ես ալ կը տկարանամ եւ ես ալ կրնամ արտասուել։

Ձեռքէն քաշելով բերի մեր դրան առջեւ ու խնդրեցի, որ բարձրանայ հետս։

— Ո՛չ,– ըսաւ ամուր,— ո՛չ, Օրիո՛րդ Մանուկեան։

— Անունս Սիրանուշ է, Սուրէ՛ն,– ըսի դողդոջուն։

— Գիտեմ,— ըսաւ ու աչքերը գետին կախեց։

Արտասուքի խոշոր կաթիլ մը ինկաւ ձեռքիս վրայ։

— Սուրէ՛ն, բարձրանանք,— ըսի կրկին քաշելով ձեռքէն։

— Ո՛չ,— կրկնեց խիստ ու ամուր ձայնով։

— Դէմքը շատ տժգոյն էր, ու ձայնը զօրաւոր։ Զգացի, որ զուր է պնդելը։ Իր ընդդիմութիւնը կը կատղեցնէր զիս, ու իր տառապանքը բարկութիւնս կը գրգռէր: Այսուհանդերձ չէի կրնար զինքը ձգել։

Սիրտս կը զարնէր ուժգնութեամբ, ու կը զգայի, որ յուսահատութենէս կրնամ մազերս փետտել, եթէ Սուրէնը հետս չբարձրանայ։ Փողոցը կիսամութ էր, եւ երկինքը սկսած էր սեւնալ։ Վերէն կը լսուէր ջութակի մը հեծկլտոցը։ Եղբայրս էր, որ կը նուագէր արեւելեան մելամաղձոտ եղանակ մը։ Վայրկեան մը մտիկ ըրինք զայն։ Ես յիշեցի երգին բառերը՝ տրտում ու դառն, ու կատաղութիւնս աւելի մեծցաւ։

Աշխարհի դահիճ եկար ի՞նչ՝
Սիրտս արիւնող աչքերով...

Նայեցայ Սուրէնին աչքերուն։ Անոր ձեռքը կ’այրուէր ձեռքիս մէջ։ Ըսի.

— Սուրէ՛ն, չե՞ս սիրեր զիս։

Ան չպատասխանեց, բայց ձեռքը սկսաւ աւելի դողդոջել ձեռքիս մէջ։

— Եկո՛ւր, Սուրէ՛ն,— ըսի յուսահատ,— եկուր քեզի նուագեմ «Մահուան առագաստ»դ։

— Ո՛չ, ո՛չ,— ըսաւ կատաղի ու ձեռքը քաշեց ձեռքէս։

Ես չէի գիտեր՝ ինչ կ’ընէի։ Յուսահատութենէս խածի շրթունքներս ու վայրենօրէն, ատելութեան կոպիտ ու չար շարժումով մը աջ ձեռքիս հակառակ կողմովը ապտակեցի զայն։

— Գնա՛, կորսուէ՛, չար,— ըսի տրտմութեամբ ու դժնդակ ձայնով։

Ու արտասուքներս թրջեցին այտերս։

Կը զգայի, որ թիկունքս կը ցաւէր։ Արտասուքներուս մէջէն կը նայէի անոր աչքերուն եւ անոր տժգոյն ու ազնուական դէմքին։ Դանդաղ ու խոհուն քայլերով հեռացաւ՝ առանց բարեւելու ու առանց նայելու վրաս, բայց հազիւ քանի մը քայլ առած՝ դարձաւ ետ։ Դէմքը հողագոյն էր, ու կը դողար ամբողջ մարմնով։ Եկաւ վրաս, ձեռքերս առաւ իր