Jump to content

Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/43

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Այս առաւօտ նախաճաշէն յետոյ եղբայրս ըսաւ.

— Սիրանո՛ւշ, հանէ՛ այս սեւ հագուստները, ու այսօր երթանք Սուրէնին ծաղիկ տանելու։

Մեր պարտէզին լելակներէն ու վարդերէն երկու խոշոր փունջեր կապեցի, ու գացինք գերեզման։ Վերադարձին եղբօրս հետ նուագեցինք «Մահուան առագաստը», ու յանկարծ յիշեցի, որ ես պարտաւոր եմ գրել Սուրէնին պատմութիւնը։

Այո՛, ես պարտաւոր եմ գրել Սուրէնին կեանքի պատմութիւնը։ Սեւ ու տրտում օրերու, ցաւի ու սիրոյ, կարօտի ու մահուան մելամաղձոտ վէպ մը՝ «Մահուան առագաստը», զոր պէտք է նուիրեմ «բոլոր այն տղոց, որ կը զգան, թէ մեկնին պիտի շուտով»։

ՎԵՐՋ