Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/42

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ու կարծես կը լսեմ «Մահուան առագաստը»։ Ի՜նչ տխրութեամբ կը նայէիր ձեռագրիս մակագրութեանը՝ «Տղու մը, որ պիտի մեկնի շուտով»։ Տեսա՞ր, Սիրանո՛ւշ, որ իսկապէս կը մեկնիմ շուտով, ըսէ՛ «բարի ճանապարհ», քո՛յր իմ։

«Սիրանո՛ւշ, դիակս խնդրէ որ փոխադրեն Ձեր տունը, դնել տուր դաշնակիդ մօտ, գոնէ ժամ մը, քակէ ձեռքերովդ այս օտար ու թշնամի պատանքը եւ համբուրէ զիս իմ մեռելի շրթունքներէս։ Սիրանո՛ւշ, համբուրէ զիս իմ մեռելի շրթունքներէս՝ առաջին ու վերջին անգամ ըլլալով։ Յետոյ կը կարես պատանքս քու սպիտակ ու երկար մատներովդ ու կը նուագես «Մահուան առագաստը», մինչեւ որ դիակս դուրս հանեն Ձեր տունէն։ Կը տեսնե՞ս, հանդարտ եմ, Սիրանո՛ւշ, ու մահուան արարողութեան յայտագիրը կը պատրաստեմ։

«Ընկերներէս մէկը քեզի պիտի տայ բոլոր թղթերս։ Պահէ զանոնք ու գրէ իմ տառապանքիս պատմութիւնը։ Ա՜խ, Սիրանո՜ւշ, դուն կրնաս գրել իմ տառապանքի պատմութիւնս։

«Չեմ ուզեր, որ զիս թաղեն առանց արարողութեան։ Կ՚ուզեմ, որ զիս տանին հայոց եկեղեցի, ու պանդուխտ քահանաներ երգեն հայրենի շարականներ, ամբողջութեամբ խունկի ծուխը ու բուրումը բռնէ եկեղեցիին առաստաղը, ու լոյսեր վառեն, բոլոր լոյսերը վառեն, Սիրանո՛ւշ։ Ի՜նչ տխուր է մեռնիլ օտար ու անհարազատ երկրի մէջ։ Կարծես մարդ կը մսի անծանօթ հողի մէջ։ Կը յիշեմ Պոտլէռի մէկ երգը, ու սիրտս տրտմութեամբ կը լենայ։

«Երբեմն ծաղիկներ բեր ինծի, քոյրս, սպիտակ ու կապոյտ ծաղիկներ, շուշաններ ու մանիշակներ, իմ անուշ քոյրիկ»։

* * *

Վերցուցի սաւանը ու բացի իր դէմքը։ Ան սպիտակ էր ու գեղեցիկ եւ այնպէս խաղաղ, որ ինծի թուեցաւ, թէ չէ մեռած։ Արտասուքիս կաթիլները ինկան իր ճակտին վրայ։ Իր սեւ մազերու խուրձը ետ ըրի, բայց ճակատը այնպէ՜ս պաղ էր ու մազերը այնպէ՜ս կարծր, որ սարսափէս ճչացի ու ինկայ իր դիակին վրայ։ Ու լացի, լացի, լացի...

17 Փետրուար

Մեր տունէն մահակառքով Սուրէնին մարմինը տարին հայոց եկեղեցի։ Եղբօրս ու իր ընկերոջը հետ ես ալ գացի։

Աստուա՛ծ իմ, ինչքան տաժանելի է գրել, երբ մարդ կը տառապի։ Մեծ ցաւերը կը նախընտրեն լռութիւնը, պզտիկներն են, որ կ'աղաղակեն ու կը լեցնեն շրջապատը։

Տխուր ու անձրեւոտ յետմիջօրէ էր։ Եկեղեցիին բոլոր լոյսերը վառած էին, երբ ներս մտայ՝ կռթնած եղբօրս թեւին։ Որբ ու պանդուխտ տղոց բազմութիւն մը լեցուցած էր յառաջամասը։ Բոլորը տխուր էին ու տժգոյն։ Խունկի բուրումը բռնած էր եկեղեցին։ Երբ քահանաները սկսան «Ի Վերին Երուսաղէմ»ը, ես չկրցայ զսպել ինքզինքս եւ ճչացի ահարկու, անմարդկային աղաղակով։

Աստուա՜ծ իմ, ինչպէ՞ս կարելի է մեռնիլ այդքան երիտասարդ, ինչպէ՞ս։

2 Ապրիլ

Մեր պարտէզին վրայ գարուն է արդէն, ու լելակներու ողկոյզները կը կախուին պատուհանէս ներս։ Ես կը դասաւորեմ Սուրէնին թղթերը, ու սիրտս տրտմութեամբ կը լենայ։ Հեռուէն կը լսուի կառաշարին ձայնը, ու քովի սենեակէն մայրս կ՚երգէ տրտում երգ մը։