Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— Օ՜,— ըսի,— ոչինչ, արդէն ցեխոտած է։

Փաթթեցին զայն թուղթի մէջ։ Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի ու նայեցայ անոնց բոլորին դէմքերուն, եւ բոլորն ալ իրենց նայուածքները նետեցին գետին։ Բայց ան չկար՝ այն տժգոյն տղան։

* * *

Սեւ ու չար աչքերով կատուս կը մռմռայ ոտքերուս տակ։ Կրկին կը փորձեմ կարդալ Սարունիի գիրքը՝ «Երատոյ, թագուհի հայոց, քոյր եւ կին»։ Բայց չեմ կրնար։

Այն տժգոյն տղուն դէմքը կարմիր լուսամփոփին տակ մարմին կ’առնէ։ Ես կը մտածեմ անոր աչքերուն եւ մտիկ կընեմ ժամացոյցիս ձայնին։ Կ’երջանկանամ մտածելով, որ գուցէ նորէն կարենամ հանդիպիլ իրեն եւ լսեմ յուզումէ ծանր ու քաղցր իր ձայնը։ Գուցէ կարենամ նայիլ իր սեւ ու մեծ աչքերուն, խօսիլ իրեն ու ընել, որ իր երկար ու սեւ արտեւանունքներուն շուքը նետէ իր տմոյն դէմքին վրայ։ Կ’ուզէի իր անունը գիտնալու արտասանել զայն՝ սենեակիս լռութիւնը իր յիշատակովը լեցնելու համար։ Կ’ուզէի խօսիլ իրեն ու ըսել մեղմօրէն, որ կուզեմ նուագել իր դաշնակած եղանակը՝ իրեն համար մի այն, որպէսզի իր դէմքը աւելի տժգունի, ու իր արտեւանունքները կախէ գետին։

* * *

Ինչո՞ւ չեմ կրնար քնանալ, եւ շրթներուս ծայրը կուգան բոլոր սիրած բանաստեղծութիւններս, զորս արտասանած եմ հասարակութեան համար, ու բոլոր անոնք, զորս կ’արտասանեմ մենութեան պահերուս։

Ինչո՞ւ տկար եմ ու երջանիկ եւ ինչո՞ւ մանաւանդ կ’ուզեմ նուագել այն եղանակը, զոր տժգոյն տղան դաշնակած է անձրեւոտ, ցուրտ գիշեր մը, առաջին գիշերը, երբ զիս տեսած է։ Եղանակ մը, զոր չեմ ճանչնար, բայց որուն անունը հիմա քաղցր ու մելամաղձոտ մեղեդիի մը պէս կը յուզէ զիս՝ «Մահուան առագաստը»։

Եղբօրս զարթուցիչը հնչեց։ Ինչքա՜ն շուտ առաւօտը եկաւ։ Կ’ուզէի քնանալ, բայց Սարունիի գիրքը յուզեց զիս։ Վաղը հեռախօսով անպայման պիտի ըսեմ իրեն, որ իր գիրքը զիս արթուն պահեց, մինչեւ որ պատուհանէս ձմրան տժգոյն լոյսը ներս ինկաւ, եւ թէ ես պիտի ուզէի ըլլալ աղջիկը, որ իր մտածումին անապատին մէջէն արմաւենիի գեղեցիկ ցօղունի մը պէս դուրս կը ցատքէ։

Այո՛, ես պիտի ուզէի ըլլալ այդ բարբարոս ու տառապող աղջիկը, այդ պերճ ու սպիտակ իշխանուհին, այդ մեծ ու վիրաւոր ծաղիկը՝ «Երատոյ, թագուհի հայոց, քոյր եւ կին»։

24 Դեկտեմբեր, երեկոյեան

Վաղը գիշեր պիտի խաղանք Հ. Պաթայյի «Մերկ կինը»։ Մերկ կինը ես եմ։ ես եմ վայրենի ու լռակեաց նկարիչին կինը, որ կը տառապի, որովհետեւ շատ կը սիրէ։ Առաջին անգամն է, որ կեդրոնական դեր պիտի խաղամ։ Տկար եմ ու տժգոյն, ներքին մեծ ու երջանիկ յուզում մը ծնկներս կը ծալլէ։ Մայրս կը նայի դէմքիս վշտահար ու աղերսանքով, բայց ես կը մտածեմ այն տժգոյն տղուն վրայ, որ անշուշտ, անպայման կուգայ զիս տեսնելու։

Փորձի ատեն Սարունին հոն էր, որովհետեւ իր ձեռագիր թարգմանութեամբ է, որ «Մերկ կինը» պիտի խաղանք։ Հիւանդ էր։ Երբ ձեռքը երկարեց ինծի, որ կը դողար, մատներս այրեցան իր մատներուն մէջ։ Մեկնումի ատեն տխուր ու մեղմ ձայնով ականջս ի վար արտասանեց Հ. Հայնէի հետեւեալ տողերը, որ տակաւին կը յամառին