Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/12

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

թուխ էր, մինչ աղջիկը կապոյտ աչուի և երկայնահասակ, սակայն իրենց քալուածքին, նայուածքին ու խօսուածքին մէջ չես գիտեր ինչ մը կար որ կ'ըսէր թէ քոյր եղբայր էին ասոնք: Երբ ճիշտ ծովափը հասան վայրկեան մը կանգ առին, դիտելու համար չորս դին: Ծովը դիմացի եզերքէն զարթումի, կեանքի անուշ ողջոյն մը կ'առնէր կը բերէր մեղմիկ ծփանքներով ու եզերքի կոպիճներուն կը զարնէր զայն կամացուկ մը, գիշերուան թմրութենէն արթնցնելու համար հալքին, խնամոտ մօր մը մէս՝ որ առտուան անուշ քունէն մեղմութեամբ արթնղնել կ'ուզէ իր զաւակը: Ծովեզերքի մի քանի ցանցառ եղեւինները իրենց միօրինակ խլրտուքին միստիք խաղը կը բերէին խառնել այն առաւռտեան ժամերգության որ ամէն օր ինքնիրեն կ'երդուի բնութեան շքեղ տաճարին անեզրութեան մէջ:

Անդին, Պօլսոյ կողմը, շղարշ-մէգ մը կը ծածանէր, արեւելքէն դէպ ի արեւմուտք երկարաձգուած, հեռուէն ամպիկէ նուրբ քօղին ներքեւ իր գեղեցկութեան ամբողջական ցուցադրումը զլացող գեղուհիի մը կերպարանքը տալով Մայրաքաղաքին:

― Քալե՛նք, ըսաւ Նուարդ քիչ մը ետքը, հիանալի տեղ մը գտած եմ. հոն պիտի տանիմ քեզի այսօր: Այդ տեղը, հակառակ խենդենալու չափ սիրած ըլլալուս, շատ քիչ անգամ գացած եմ, որպէսզի քեզ հետ միասին ըմբոշխնենք անոր հրապոյրները:

― Ո՞ր կողմն է այդ տեղը:

― Անհամբեր մի՛ ըլլար, քալե՛նք, քիչ մը ետքը կը տեսնես: