Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/13

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Եւ խորտուբորտ ծովեզերքէն սկսան քալել: Երբեմն ճամբան այնքան կը նեղնար որ կ'ստիպուէին քովէ քով չքալել։ Բնութեան քմահաճոյքին կը հետեւէին, անկապակից շրջաններ ընելով, մերթ փոքրիկ հրուանդանի մը ճիշտ քիթէն անցնիլ ուզելով, մերթ ծովախորշիկի մը առջեւ դարձեալ դէպի ներս կլոր պտոյտ մը ընել ստիպուելով:

― Պիտի յոգնիս Նուա՛րդ, ըսաւ, երիտասարդը երբ ծովու, բաղնիքներուն քովէն դարձեալ դէպի ծովեզերք կ’իջնային, ջուրին ճիշտ քովեն քալելու համար, վերէն շիտակ համբէն երթալու Էինք:

― Չեմ յոգնիր քեզի հետ, ըսաւ, Նուարդ եղբօրը թեւէն կախուելով կէս մը, փոքրիկ զառիվեր մը ելլելու համար: Հասարակաց ճամբարները չե՛մ սիրած երբէք, ամենուն անցած ճամբէն անցնիլը հաճոյք մը չունի ամենեւին, տափակութիւն է ատիկա: Ի՞նչ կ’ըլլայ, կը յոգնինք, քիչ մը, բայց պիտի տեսնես հիմա ինչպես կուշտ ու կուռ պիտի վայելենք բնութիւնը և ինչ ախորժակով պիտի նախաճաշենք:

Քիչ մը անդին, ձկնորսներու լարած ուռկաններուն մօտ, առեւտրական վարժարանին դիմացի ընդարձակ որմափակին քովէն վեր ելլել ստիպուեցան, որովհետեւ, հոն ալ ծովեզերքը գրեթէ անմատչելի է: Անկոխ մարգագետնին վրայէն այդ վերելքը շատ դժուար էր. ամէն վայրկեան ոտքերնին սահելով ակամայ երկրպագութիւն մը ընել կ’ստիպուէին: Եւ ամէն անգամ «Հօ՜ր» կ’ըսէր Նուարդ ու կը խնդար. խնդուքը սիրուն ծալքեր կը գծագրեր իր կանոնաւոր դիմագծերուն վրայ. յետոյ մէկ ձեռքով, սեւ ու խիտ մազերիւն ցնցումներէն