Էջ:The First Love.djvu/17

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

երկու բան մահու չափ կ’ատեմ, մին նախապաշարումն և միւսը դրամ:

― Նախապաշարումը կ’ըմբռնեմ թէ ատես, բայց դրամը ինչո՞ւ:

― Պա՜հ, եթէ ուրիշ որևէ պատճառ չունենայի զայն ատելու, հինգ տարի ամբողջ քեզ ինձմէ բաժնելը բաւականէն աւելի պատճառ մը չէ՞ր միթէ զայն ատելու, ըսէ նայիմ:

― Բայց դրամին յանցանքը չեմ տեսներ այդ խնդրոյն մէջ, Նուարդ, ուսման փափաքը՝ կանոնաւոր կերպով Անգլիերէն սորվելու բաղձանքը ստիպեցին զիս որ հինգ տարի հեռու ապրիմ ձենէ:

― Հոս, Պոլսոյ մէջ Անգլիերէն չէի՞ր կրնար սորվիլ, Ռօպերթ գօլէճէն շրջանաւարտ չէի՞ր կրնար ըլլալ, ի՞նչ հարկ կար երթալ Փոքր Ասիոյ խորերը տարիներով մեզմէ հեռու ապրելու եթէ դրամական տեսակէտը գոյութիւն չունենար… Չխօսի՞ս: Ինչ որ ալ ըլլայ իրաւունք ունիմ դրամը ատելու և կ’ատեմ:

― Բայց քոյրս, չէ՞ մի որ երջանիկ ենք հիմա չէ՞ մի որ քուկդ եմ դարձեալ:

― Այո՛, բայց գիտե՞ս որչափ կարօտցած էի քեզ, Տիգրանս:

Վերջին բառը տեսակ մը հպարտութեամբ կ’արտասանէր, վերջին տառին, «ս»-ին վրայ ուժգին շեշտ մը դնելով, այդպէսով Տիգրանին իրենը ըլլալը, իր եղբայրը ըլլալը որոշապէս զգացնելու համար ամէն անգամ ինքզինքին:

Գորովի, խանդաղատանքի կուռ խտացում մը, հոգիէն, սրտէն չես գիտեր ինչ մը կը դնէր այդ մէկ տառին մէջ. Տիգրա՜նս: