Հինգ տարի շարունակ աշխատեր էր Տիգրան Փոքր Ասիոյ Ամերիկեան գօլէճներէն մէկուն մէջ: Հօրը համեստ քսակը չէր թոյլատրած որ Պօլիս գայ արձակուրդներու ատեն: Վերջապէս՝ շրջանաւարտի վկայականը ձեռքը՝ վերադարձեր էր դեռ շաբաթ մը առաջ և Հալքիի մէջ համեստ տուն մը բռնած էին որպէսզի աղան քիչ մը հանգստանայ, կազդուրի հինգ տարուան անընդհատ աշխատութենէ մը ետքը:
Տիգրան միշտ երկար նամակներ կը գրէր թէև դպրոցէն, սակայն Նուարդ քիչ անգամ և կարճ պատասխաններ կուտար: Նամակը, անզգայ թուղթի կտորը չէր բաւեր իտեն, սրտին բոլոր խանդաղատանքը չէր կրնար դնել հոն: Շատ հեզ եղբօրմէն եկած նամակները քանի մը անգամ լափելէ ետքը, գրասեղանին առջեւ կը նստէր ու կ’սկսէր գրել, բայց այնքան շատ բան կ’ունենար գրելու, զգացումները այնքան առատօրէն կուգային, որ անկաելի կ’ըլլար զանոնք արտայայտել ― մինչեւ բերանը լեցուած շիշերու պէս զոր եթէ յանկարծ դարձնես բերանը բաց ըլլալով հանդերձ ջուրը չթափիր, օդ չառնելուն համար:
Գրածը կը պատռէր, յետոյ նորէն կ’սկսէր, միեւնոյն փորձը քանի մը անգամներ, մինչեւ որ վերջապէս լալով գրիչը մէկդի կը նետէր ձեռքէն ու զայրոյթով գրասեղանը ետ հրելէն յետոյ կ’տոնէր կը քալէր:
Այսպէս, հինգ տարի, շարունակ որտին խորը կուտակած էր իր բոլոր գորովն ու սէրը, հոգիին բոլոր խանդաղատանքը, զոր կարօտին բոցերը կ’եռացնէին միշտ, պայթելու պատրաստ