Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/20

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ախորժակնին սրուծ, լափեցին ինչ որ կար փոքրիկ տակառին մէջ և յետոյ քիչ մը անդին, եղեւինի մը շուքին տակ, ծուլաբար գացին ընկողմանիլ դէմ առ դէմ, աչքերնին Մարմարայի վէտվէտուն տարածութեանը վրայ յառած:

Գ․

― Տեսնենք այսօր ինչ պիտի պատմես ինծի, ըսաւ Նուարդ փափուկ ձեռքերովը երիտասարդին դեռաբոյս պեխերով շոյելով:

― Ի՛նչ որ կ’ուզես:

Քիչ մը մտածեց աղջիկը աչքերը ծովին յառած, յետոյ որոշումը տուողի ձեւով մը դէպ ի եղբօրը ծռեցաւ ու.

― Տիգրանս, ըսաւ կամացուկ մը, մինչեւ հիմա հարցուցածներէս տարբեր բան մը պիտի հարցնեմ քեզի, լո՛ւրջ բան մը սրտի խնդիր մը:

― Կուզես՞, տղաս, հարցնե՞մ, յարեց յետոյ խնդալով:

― Հարցո՛ւր, ինչո՞ւ չէ, պատասխանես Տիգրան, վարժուած միշտ հաճոյքով քրոջը բաղձանքները գոհացնելու:

― Սի՞րած ես երբէք…

Սիրոյ վրայ շատ անգամներ խօսեր, գաղափարներ փոխանակեր էին, բայց առաջին անգամ այս տեսակ հարցում մը կ’ուղղէր Նուարդ իր եղբօրը. ապահով էր սակայն թէ պատասխանը՝ «այո» կամ «ոչ»՝ կատարելապէս անկեղծ պիտի ըլլար: Եղբօրը սիրտը ծայրէ ի ծայր պրպտած էր, միայն այդ խորը մնացած էր անծանօթ և հիմա կարգն անոր