եկած էր: Իրենց փոխադարձ սէրը այնքան բուռն, այնքան կաթոգին էր որ, իրարու չըսուելիք բան մը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ սրտերնուն մէջ:
Նուարդ խորհած էր թէ Տիգրան հաւանականաբար սիրոյ բոցը զգացած ըլլալու էր մինչեւ հիմա լանջքին տակ:
Տիգրան ալ իր կողմէն առաջին անգամ էր որ այս տեսակ հարցում մը լսէր, բայց իրեն համար ալ եթէ մինակ անձ մը կար այդպիսի հարցում մը ուղղելու կարող իրեն, այդ ալ քոյրն էր. ուտի չվարանեցաւ պատասխանելու:
― Նուա՛րդ, շատ դիւրին չէ այդ հարցումիդ պատասխանը, որովհետեւ մինչեւ հիմա ես ինծի որոշ կերպով չեմ ըրած այդ հարցումը: Սակա՜յն… այո՛ պիտի պատասխանեմ, երբ մանաւանդ հարցումդ փոխես քիչ մը ու «պաշտեցի՞ր» հարցնես ինծի, փոխանակ «սիրեցիր»ի:
― Ուրե՞մն… ատիկա պիտի պատմես ինծի այսօր, առաջի՛ն սէրդ, հէ՞… չըլլա՞ր, տղաս…
― Առաջին սէրս այո՛, կամ լաւագոյն է ըսել առաջին պաշտումս, պատանեկան գաղտնի թղթածրարին մէկ հատորն է անշուշտ, բայց քեզ համար սիրելի Նուարդս, ամէն բան կարելի է, թղթատենք զայն սիրով, քանի որ կը փափաքիս:
«Աֆերիմ տղաս»ով մը շնորհակալ եղաւ Նուարդ, և աչքերը միշտ ծովուն յառած, ալ ավելի հանգիստ կերպով տեղաւորուեցաւ ուշադրութեամբ մտիկ ընելու ― ինչպէս որ սովոր էր արդէն, ամէն անգամ որ Տիգրան բան մը պատմէր:
Տիցրան ― որ պերճախօսի բնական ձիրքով մը օժտուած էր ― քիչ մը ատեն մտամփոփ կենալէ ետքը սկսաւ իր պատմութիւնը: