Էջ:The First Love.djvu/30

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ճոխ բազմոցներու քով, խսիրէ, սիրուն պարզ ամերիկեան աթոռներ ու թիկնաթոռներ, աղւոր աններդաշնակութիւն մը յօրինած էին հոն»։

«Փոքրիկ առարկաներ, իր ընտանիքի անդամներուն, կամ ծանօթներուն լուսանկարները պատերուն վրայ, ասդին անդին սիրուն փոքրիկ étagère-ներու վրայ, չարուած, դրան քովը գրադարանը, պատուհանին առջեւ, երկայն թիկնաթոռի մը քով իր աշխատութեան սեղանը և անոր քովն ալ ոտքով գեղեցիկ լամպա մը վրան դեղնօրակ լուսարգերով (abat-jour)»:

«Նուրբ և կոկիկ ճաշակով շտկուած սենեակ մը վերջապէս, ամբողջութեամբ: Ննջասենյակը ձախ կողմէն անթափանց ապակիէ դուռով մը կը հաղորդակցէր ասոր հետ»:

«Բարեւելէ յետոյ, առնց նստելու, ըսի թէ արձակուրդի առթիւ ― Ծննդեան արձակուրդի մօտերն էր, ― ժամանակ ունենալուս, իր թոյլատրութեան համեմատ գիրք մը առնելու եկած էի»:

«― Ինչո՞ւ չէ, նստիր, ըսաւ, իր պաշտելի հայերէնովը»:

«Նստեցայ: Խօսեցանք քիչ մը»:

«Փափաք յայտնեց, առիթը ներկայացած ատեն, ինծի հետ հայերէն խօսելու, որովհետեւ շատ անգամ միայն պզտիկ տղաքներուն հետ խօսելուն ― արդէն անոնց համար սորված էր ― և իրմէ լաւ գիտցողներու հետ չխօսելուն, աւելի չէր կրնար սորվիլ»:

«Դեռ ի՞նչ կ’ուզեի»:

«Շատ ուրախ պիտի ըլլամ ձեզ օգտակար ըլլալով, ուզեցի ըսել, բայց բառերը շրթունքիս