Էջ:The First Love.djvu/31

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

վրայ մնացին: Այնքան ուրախ պիտի ըլլայի որ ատիկա արտայայտելու համար «շատ» բառը ծիծաղելի կերպով պզտիկ գտայ ու աւելի խոշոր բառ մըն ալ գործածել թերեւս պատչաճութեան հակառակ ըլլալուն լռեցի»:

«Տասը վայրկեան ետքը գիրք մը առած կը նեկնէի»:

«Ալ այնուհետեւ, գէթ ամիսը մէյ մը, անպատճառ կ’երթայի գիրք փոխելու համար.առած գիրքս չէի կրնար ուրիշ գրքերու պէս ուշադրութեամբ կարդալ ծայրէ ի ծայր: Միասին կ’նարէինք զանոնք: Կը բերէի սենեակս ու ամէն անգամ որ առիթ ունենայի ձեռքս առնելու կը թղթատէի ծայրէ ի ծայր, նախադասութիւն մը ասկէ, բառ մը անկէ, կէս էջ մը անգիէն կարդալով՝ ամէն մէկ թղթատելուս: Զանոնք թղթատելը երջանկութիւն մըն էր ինծի, ամէն մէկ էջին մէջ հետք մը կը փնտռէի իր նուրբ, թափանցիկ մատներէն. կը խորհէի թէ ինքն ալ շօշափած է այդ էջերը, գիշերը թերեւս, այն վեհարանին մէջ, ուրկէ երբէք ներս չսպրդեցաւ նայուածքս, իր կուսական անբիծ անկողնոյն վրայ, մոմի մը աղօտ ու դողդոջ լոյսովը: Գիծեր չկային բնու իր գրքերուն մէջ,միայն՝ կը գիտէի որինքնաբերաբար բացուող էջերը որո՞նք են, որովհետեւ բնականաբար ատոնք աւելի շատ բաց մնացած, աւելի շատ կարդացուած կ’ըլլան. ահա՛ այդ էջերը կը կարդայի խորունկ ուշադրութեամբ, հաւատալով թէ իր նախընտրած մասերն են անոնք, չորս ես ալ միշտ, անխտիր կը հաւնէի: Այսպէս գիրքը օրերով թղթատելէ ետքը միայն, վերջի օրերը,