Էջ:The First Love.djvu/33

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

սիրահարած եմ, որչափ աւելի կը սիրէի զինքը իր անկեղծութեանը համար»:

«Խօսակցութեան մէջ ― Անգղիերէն ― dear! (սիրելիս) բառը կ’գործածէր երբեմն: Ատիկա լեզուին սովորութիւնն է, բայց ես այնպէս չէի հաւատար՝ մասնաւորապէս ինծի ուղղուած կը խորհէի ես այդ բառը՝ այնպէս կ’ուզէի: Dear!, որչա՜փ անուշ կը հնչէր ականջիս: Քանի քանի անգամներ դիտմամբ այնպիսի դարձուած մը, այնպիսի ձեւ մը կուտայի խօսակցութեան՝ որ ստիպուի ատիկա գործածել: Հոգիս կը փայփայէր այդ բառը, մեղմի՜կ, անուշ փայփայամքով մը, հոգեթով շեշտ մը կ’առնէր ան իր բերնին մէջ»:

«Վերջին տարին…»

«Հոս խօսքը ընդհատեց Տիգրան»:

Է․

«Նուարդ դէպի անոր ծռեցաւ, երիտասարդին այտերը վարդագուներ էին, այնքան կենդանի գոյներով նկարագրած էր որ ինքն ալ յուղուած էր: Նուարդ՝ աչքին առջեւը ունէր հիմա Միս Իզապէլին պատկերը՝ Տիգրանին ելեւէջող ձայնին խաղերով գծուած՝ և ինք ալ ― Նուարդ ― կը սիրէր զայն հիմա»:

«― Եթէ կը տխրեցնէ քեզ պատմութիւնդ մի շարունակեր, ըսաւ, քիչ յետոյ անոր կարմրած այտերը շոյելով, քրոջական գորովալից հոգածութեամբ մը, հակառակ մինչեւ վերջը մտիկ ընելու ջերմ բաղձանքին»: