«― Ո՛չ քոյրս ոչ, պատասխանեց Տիգրան, այս յիշատակը կը յուղէ, բայց չի տխրեցներ, լուսնակին մեղմ շողերէն բիւր անգամ աւելի յուզող, անուշ հմայք մը ունի անիկայ իր մէջ, մտիկ ըրէ և պիտի համոզուիս ըսածիս»:
Եւ Տիգրան շարունակեց.
«Վերջին տարին անհամեմատ կերպով աւելի բեղուն է անոր յիշատակներով՝ քան միւս չորսը: Որովհետեւ, նախ բախտը ունեցայ իրեն հետ արձակուրդին պզտիկ ճամբորդութիւն մը ընելու և երկրորդ «Սինեըր» (բարձրագոյն) կարգին մէջ առաւելութիւնը ունէի դպրոցական ժամերս մինչեւ աստիճան մը ըստ հաճոյս գործածելու և դպրոցական շատ մը օրէնքներէ ազատ մնալու»:
«Ճամբորդութիւն ըսածս՝ պզտիկ դիւղագնացութիւն մըն էր, որ շաբաթ մը տեւեց»:
«Անգղևամերիկեան պզտիկ գաղութին անդամներուն ու անդամուհիներուն մեծագոյն մասը մասնակցեցան ատոր: Խմբովին, ձիերով ու կառքերով ճամբորդեցին, առտուն կանուխ բլրակներու եզերքէն, թարմ կեանքոտ հմայքովը արշալոյսին: Ցորեկուան տապին ատեն լեռան մը կող, շուքին մէջ գետնին վրայ տարածուեցանք մեղմօրէն: Իրիկունները հանդարտ վերջալոյսներու վրայ զմայլեցանք դաշտին մէջ՝ ուր անբիծ կոյսի մը հոգեվարքին մէս, մեղմիկ կը մարին արեւին հուսկ ճաճանչները»:
«Ի՞նչ երջանիկ ժամեր անցուցի: Քանի քանի անգամներ, քով քովի ոտքով բլուր մը մագլցած ատեննիս, ճերմակ նուրբ պլուզին տակէն փափուկ լանջքին ելեւէջը դիտեցի պատկառոտ ակնածանքով»: