Էջ:The First Love.djvu/47

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
ԺԴ.

«Քննութիւններս յաջող կ’երթային ― երանի թէ այդպէս չըլլար, ― ու լմնենալու վրայ էին ալ, քանի մը օրէն պիտի մեկնէի: Ի՞նչ յուզում, այդ օրերը, առտուընէ մինչեւ իրիկուն, ցերեկները, սենեակս քաշուած, ժամացոյցիս սլաքը կը դիտէի, որ կը վազէր, կը փախչեր, ― ա՛խ անպիտանը ― դիտմամբ աւելի խոյս կուտար կարծես, վայրկեաններուն մէկէն միւսին սահած ատեն, «ես կը դառնամ կոր» պոռալով երեսիս»:

«Գիշերները, պարտէզ կ’իջնայի, իր պատուհանին լոյսը դիտելու, երբեմն նուրբ, ճկուն ստուեր մը կ’անցնէր լոյսին առջեւեն, լուսնին առջեւեն անցնող քնքուշ ամպի մը նման: Պարտէզին մթութիւնը միայն այս պատուհանէն կը լուսաւորուէր ինծի համար, և երբ ան մարէր ալ երկնից լուսաւորները ազդեցութիւն մը ունէին տիրող աղջամուղջին վրայ. այն պատուհանը արեւն էր՝ ուրկէ ասոնք ամէնքը իրենց լոյսը կ’առնէին: Եւ արեւը մարը մտնելուն պէս սենեակս կը քաշուէի ես ալ, պառկելու համար»:

«― Վաղն ալ պիտի տեսնեմ զինքը, միւս օրն ալ, հետեւեալ օրն ա՛լ … ետքը … հեռուն պիտի ըլլամ, հետզհետէ պիտի հեռանա՛մ իրմէ ամէն վայրկեան այդ հեռացումի ծանրութիւնը ունենալով սրտիս վրայ ― ծանրութիւն մը որ հետըզհետէ պիտի աւելնայ»:

«Այն վերջին օրերուն մէջ, հակառակ