Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/49

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

օրը: Բայց կրնայի՞ ես միթէ դպրոցին վրայ խորհիլ, իրմէ շատ ուրիշ ո և է մէկ բանի վրայ խորհիլ այն օր»:

«Քովս գիրք մը ունէր, իրիկուան դէմ ատիկա առի տարի»:

«Քիչ մը յուղուած շեշտերով ըսի թէ բաւական դժուար խնդիր մըն էր այնքան սիրուած կեանք մը ձգել, բոլորովին նոր ասպարէզի մը մէջ ― որուն ի՞նչ ըլլալն ալ չէի գիտեր դեռ ― ապրելու համար»:

«― Իրաւունք ունիք, պատասխանեց, բայց ատիկա անխուսափելին է. նոյն իսկ ատոր համար էր որ պատրաստուեցանք, այսքան աշխատելով: Բայց ապահով եմ թէ, եթէ ոչ հեշտին, գէթ յաջողութիւններով լեցուն պիտի ըլլայ ճամբան հոն՝ նոր կեանքին մէջ ալ, ձեզ պէս ազնիւ ու բարի երիտասարդի մը համար»:

«― Միս Իզապէլ, ըսի, միշտ չափազանց լաւատես եղած էք ինձ նկատմամբ»:

«― Ո՛հ ոչ, բողոքեց, ընդհակառակը դուք յոռետես կ’ուզէք ըլլալ հիմա: Շատ դիւրին է ըսածիս ապացոյցը տալ ձեզի, ըսէք ինչո՞ւ բոլոր դպրոցը ― աշակերտ թէ դասատու և բոլոր ձեզ ճանչցողները, գրեթէ առանց բացառութեան, համակրանք կ’զգան ձեզի համար, կը սիրեն ձեզի»:

«Պատասխան չտուի: Գիտէի թէ բաւական համակրանքներ ունեցեր էի, բայց բոլոր զիս ճանչցողները, գրեթէ առանց բացառութեան, համակրէին ու սիրէին զիս… Ատիկա մտքէս չէի անցուցած, եթէ ուրիշ մէկը ըսէր շողոքորթութիւն պիտի համարէի, բայց իրաւ էր, անշուշտ իրաւ