Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

մանկապտատէզին սանդուղներէն, առանց մէկու մը պատահելու ու գացի ուղղակի իր դուռը զարնելու, հոն կեցայ՝ բաւական ատեն, վարանոտ, հեւալով»:

«Յետոյ կամացուկ մը դուռը զարկի ու սպասեցի come!ին: Ոչինչ սակայն: Կրկին զարկի դուռը, այս անգամ բաւական ուժով, դարձեալ ոչինչ: Այն ատեն գիտեցի որ սենեակին փեղկերը գոցուած էին, սիրտս տակն ու վրայ եղաւ, ինչո՞ւ արդեօք անբնակի երեւոյթ մը ունէր հիմա այդ բոյնը: Քիչ մը ատեն անշարժ կենալէ ետքը կամաց կամաց վար իջայ, տրտում տխուր: Սպասուհին պատահեցաւ»:

«― Ուր է Միս Իզապէլ, ըսի աշխուժիւ»:

«― Մեկնացա՜ւ, եղաւ պատասխանը»:

«Ալ բառ մը իսկ չարտասանեցի: Սենակս վազեցի մտքիս մէջ կրկնելով ու կրկնելով «մեկնեցաւ» բառը որուն իմաստը չէի հասկնար կարծես: Գացած էր, ալ պիտի չտեսնէի զինքը թերեւս յաւիտեան, ո՛հ…»

«Յուսախաբութեան հետքը չկար վշտիս մէջ, քանի որ բան մը չէի սպասեր իրմէ, բացի պաշտելու իրաւունքէն: Ես իմ ներկայութեանը պէտք ունեի երջանիկ ըլլալու համար, ճիշտ այնպէս ինչպէս մինչեւ այն ատեն վայելած էի զայն․ ամբողջ յաւիտենականութիւն մը պիտի ապրէի առանց գծուած սահմանէն քայլ մը աւելի մօտենալ փորձելու իմ կողմէս: Բայց զինքը բնաւ չտեսնե՜լ արեւին լոյսէն զրկուիլ էր յանկարծ, տարիներով կեանքիս մէջ զայն վայելելէ յետոյ»: