Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/52

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
ԺԷ.

Ձայնը մարեցաւ Տիգրանին, երկու արցունքներ թրջեցին աչքերը:

― Կը բաւէ տղա՛ս, ելիր ալ երթանք, ըսաւ Նուարդ արտասուագին համբոյը մը դրոշմելով եղբորը ճակատին: Ես ալ կը սիրեմ, ես ալ պիտի սիրեմ զինքը, Միս Իզապէլը, օն ելի՛ր.

― Ոչ, ձգէ պառկիմ քիչ մը, ըսաւ երիտասարդը գլուխը քրոջ ծունկին վրայ դնելով:

Յետոյ ճակատը շոյեց քիչ մը՝ ու շարունակեց:

«Գիշերը պարտէզ իջայ իր մութ պատուհանը դիտելու, այդ լոյսը մէյ մըն ալ պիտի ծաթէ՞ր արդեօք վրաս բոլոր կեանքիս մէջ, մէտք ունէի անոր՝ կեանքի ճամբաս տեսնելու համար, ինչո՞ւ մարեր էին»:

«Պառկած ատենս, ինչպէս միշտ, աղօթեցի իրեն համար, իրեն աղօթեցի»:

«Առտուն, արթննալուս պէս, զինքը ալ չտեսնելու գաղափարը եկաւ սեւեռեցաւ մտքիս առջեւ»:

«Աստուած իմ, յուսահատութիւն է անոր ներկայութենէն զրկուիլը, ըսի»:

«Յետոյ իր «Աստուած բարի է» խօսքերը միտքս եկան՝ զորս այնքան ատեն կրկնած էր: Եթէ ամբողջ աշխարհ հակառակը պնդէր, փոյթս, մինակ իր խօսքը կըբաւէր ինծի, հաւատալու համար Աստուածոյ բարութեան»:

«― Ո՛չ, ըսի, ոչ, Աստուած իմ, խենդ եմ ես, դուն բարի ես»: