Էջ:The First Love.djvu/54

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

մեկնած ատեն, իմ դպրոցը չըլլալս իմանալով, պաշտօն յանձնած էր իրեն անձամբ հրաժեշտ չկարենալ առնելուն ցաւը յայտնելու ինծի և ողջերթ ու յաջողութիւն մաղթելու, ու այս այցետոմսն ալ տուած էր ինծի յանձնուելու համար:

― Իրաւ հրեշտակի մը չափ բարի է եղեր ան, ըսաւ Նուարդ, զգացեր է թէ շատ պիտի յուզուիս հրաժեշտի պահուն և դիտմամբ ատիկա խնայել է ուզեր քեզի փափկանկատութեամբ:

― Թերեւս… Եւ հիմա, հիմա որ կը ճանչնաս զինքը, պիտի խօսինք իր վրայ, այնպէս չէ՞, քոյրս: Մտերիմներէս անգամ գաղտնի պահած էի ասիկա: Բաներ կան որք միայն քրոջ մը կրնան ըսուիլ: Ուրիշ մը թերեւս պիտի չհասկնար զիս, պիտի չկրնար ըմբռնել վսեմութիւնը անոր հանդէպ զգացած սիրոյս, պաշտումիս, վայելելու բաղձանք չգտնուիլը անոր մէջ ու զիս պիտի խրատէր մոռնալ զինքը: Մինչդեռ դո՛ւն, ազնիւ Նուարդս, դուն կը հասկնաս զիս, կը հասկնաս թէ չպիտի մոռնամ զինքը երբէք, ո՜հ, երբէք…

― Միասին պիտի սիրենք զինքը, պատասխանեց Նուարդ Տիգրանին ականջն ի վար ծռելով»:

ԺԹ.

Կէս օրը շատոնց անցեր էր: Ժամանակին անցնիլը մոռցեր էին:

Հիմա, թեւ թեւի, եզեւիններու անտառին մէջէն, էն՝ կարճ ճամբէն տուն կը դառնային քոյր եղբայր, կամաց կամաց:

Տաք էր: Երկնքին վճիտ կապոյտը իր անծայրածիր խորութիւնը կը տարածէր վերը: