Էջ:The First Love.djvu/55

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Առտուան թարմ ու կեանքոտ շունչը չկար հիմա օդին մէջ, տաք մեղկութիւն մը կը ծածանէր անոր տեղ, ծառերը յոգնած կենդանիներու պէս անշարժ կը կենային հիմա:

Պօլսոյ կողմը, հեռուն, հորիզոնին մօտ, սիրուն ճերմակ ամպիկ մը կար, միսմինակ, կապոյտին միօրինակութիւնը խանգարող՝ ովկէտնին մէջ փայլող պզտիկ սառնակոյտի մը պէս:

― Սա ամպիկին պէս հեռուէն հեռուէն կ’ուզէի զմայլիլ իր վրայ, կ’ուզէի պաշտել զինքը, միշտ այսպէս, անելանելի բարձրութեան մը մէջ, վճիտ անեզրութեան մը մէջ:

Ի.

Այն գիշեր, լուսնի լոյսով, պատուհանին առջեւ նստած աս sonnetն գրեց Տիգրան.

ՊԱՇՏՈՒՄՍ
Առ Միս ԻԶԱՊԷԼ

Քաոս մըն էր սիրտս, տարտամ, անզգայ,
Եւ անոր մութ խաւերուն մէջ անյատակ,
Կեանքը «ոչինչ» մը, զէրօ մը լոկ հսկայ,
Իսկ սերն անհամ ու անիմաստ մի կատակ:

Այդ քաոսը բոյն մէ հիմա սիրավառ,
Բոյն մը անուշ երազներու, յոյզերու,
Կեանքը բառ մը իմաստալից ու պայծառ,
Սերը աղբիւր երջանկութեան, յոյսերու: