երկրորդ անգամ ըլլալով ― և այս առաջինէն աւելի դառն-զգացի թէ, օդէն աւելի անհրաժեշտ, կեանքէն աւելի թանկագին բան մը խոյս կուտար ինձմէ, նաւակին ընթացքին հետ, կամաց կամաց:
Թիակին ամէն մէկ հարուածը կը խլէր, կը տանէր ինձմէ, սրտիս խորէն, յոյսերս ու երազներս, յամբ յամբ,մաս առ մաս:
Ա՛խ բարեկամս, ինչ տանջանք այդ քառորդ ժամուան ճամբան, քարափէն մինչեւ շոգենաւ, հոգեվա՛րք, հոգեվարք մը սակայն որուն չհատնիլը կը բաղձայի:
Կը տեսնէի քեզ, թեւերդ խաչաձեւած, անշարժ հոն, մաքսին հսկայ չէնքին մէկ անկիւն, հետզհետէ կը պզտիկանայիր, դէմքդ հետզհետէ կ’անորոշանար: Ամբողջ քաղաքին համայնապատկերը, հեռադիտակին հակառակ կողմովը դիտուած տեսարանի մը հանգամանքը կ’առնէր տակաւ առ տակաւ: Ո՜հ, մանոււանդ այդ ամէնէն վեր, այդ ամէնուն վրայ, այդ ամէնուն իշխող բանը անո՜ր, Միս Իսապէլի անբիծ պատկերն էր, ճերճերմակ, որ երկնքին վրայէն սահող քնքուշ ամպի մը պէս կը հեռանար ինձմէ:
Որքա՜ն զղջացի մեկնելուս,որքան տառապեցայ: Քանի անգամ փորցուեցայ «կեցի՛ր» կամ «ետ դարձի՛ր» պոռալ անզգայ նաւավարին՝ որ կ’աճապպարէր հոգեվարքս վայրկեան մը առաջ վերջացնելու գիտակից դիտումով կարծես: Բոլոր կեանքիս մէջ, այսպիսի դատարկ մը մէկ անգամ միայն զգացած եմ, և այդ ալ իրեն համար դարձեալ, դպրոցէն շրջանաւարտ մեկնելուս պահուն:
Առանց անոր հրեշտակային, ճաճանչափայլ