Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/59

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

պատկերին՝ որ հիմա ամէն բանի վրայ կը տիրապետէր, տուներուն զանգուածները, քաղաքին բոլոր մանրամասնութիւնները անհետացնելով իր ջինջ միօրինակութեանը մէջ, առանց անոր և առանց քեզի, և ոչ իսկ պիտի դառնայի թերեւս նայելու համար այդ քաղաքին՝ ուրկէ կը մեկնէի երկու տարի ապրելէ յետոյ:

Սակա՜յն …: Կ’ուզէի որ կատաղի հակառակ հոսանք մը ետ մղէր մեր նաւակը և կամ նաւավարին ոյժը գէթ հաւասարակշռէր մեզ հոն կեցնելու համար, որպէսզի չհատնէր այդ հոգեվարքը:

Երեւակայէ՛, ամբողջ երջանկութեանդ, երազներուդ, իտէալիդ,մոգական լապտերի մը մէկ տեսարանին պէս, աչքիդ առջեւէն սահիլը, փախչիլը, անհետանալը տեսնել ― թերևս անդարձ ― ու չկրնալ բռնել զայն…: Ի՜նչ տագնապ:

Արցունքս չի կրցի զսպել,կամ մանաւանդ չզսպեցի: Եւ ինչո՞ւ զսպէի: Նաւավարէ՞ն պիտի ամչնայի տղու մը պէս լալու համար: Պա՜հ, ինծի ինչ փոյթ ամբողջ աշխարհը այդ պահուն, միայն ձեր երկուքը, ո՜հ միայն զայն ― ներէ ինծի բարեկամս՝ միայն զայն եթէ կարող ըլլայի հետս տանիլ, մնացածը հոգս է՞ր միթէ:

Հասանք վերջապէս շոգենաւ:

Համրուած օրերուն մէն մի վայրկեանը ըմբոշխնել ուզող հիւանդի մը պէս, որ աչքերը անցնող կեանքին կըյառէ, ես ալ աչքերս ինձմէ փախչող քաղաքին վրայ յառած վեր ելայ սանդուղներէն և նաւավարին վարձքը վճարելէ ետքը, կանգ առի հոն,առանց փոյթ ընելու պայուսակներս: Քիչ յետոյ սակայն ճամբորդներուն, բեռնակիրներուն ու