Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/60

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

նաւաստիներուն անցուդարցը,ժխորը ստիպեցին զիս հեռանալ անկէ և յետսակողմեան բարձրոււանդակին վրայ առանձին անկիւն մը գտնելով, հոն շուրջս անցած դարձածին անուշադիր ու անտեղեակ, մնացի,որչափ ատեն չեմ գիտեր:

Միշտ աչքիս առջեւն էր անոր կենդանի պատկերը, երկնագոյն անուշ աչքերը ինծի յառած, այն կուռ ճառագայթումով, բարութեան այն հոգեթով արտայայտութիւնով, զոր ուրիշ որևէ նայուածքի մէջ չեմ տեսած:

Տարտամօրէն լսեցի խարիսխը վերցնող մեքենային ժխորը ― երջանկութեան կործանումին վճիռը:

― Խարիսխը այնքան ամուր փակած ըլլար ծովին յատակին, որ երբէք չկարենային տեղէն խախտել, երբէք… կ’ըսէի ինքնիրենս:

Յետոյ դարձանք կամաց կամաց, ես ալ դարձայ քայլ առ քայլ, կողմնացոյց մըն էր շոգենաւը կարծես՝ որուն սլաքը ես էի և բեւեռն ալ Իզմիրը:

Սկսանք քալել, նախ յամբ յամբ, ետքը շուտ, հետզհետէ աւելի շուտ: Սրտիս տրոփիւնն ալ, շնչառութիւնս ալ շոգենաւին մեքենաներուն շարժումին զուգընթաց, սկսան արագանալ: Արիւնս կ’եռար, պոռթկալ, դուրս խուժել կ’ուզէր երակներէս:

Պուճայի ճամբուն անցած բըլրակը՝ ուր միշտ պտոյտի կ’երտայինք քեզ հետ, երբեմն ան ալ միասին, կամաց կամաց անհետացաւ, հալեցաւ վերջալուսային լուրթ մշուշին ծալքերուն տակ: Մութը հետզհետէ կը թանձրանար և ամէն բան կը