Երբէք չեմ յիշեր որ այնքան երկիւզածօրէն ծանրագրած ըլլամ Աստուածածնի պատկերներին առջեւ:
Քիչ մը ետքը սկսաւ շարժիլ, դէպ ի սանդուղը գնաց, յետոյ ետ դարձաւ կրկին:
Շանթին պէս արագ գաղափար մը լուսավորեց միտքս: Ուրեմն… երազ չէ՞ր, երեւակայութեանս մէջ չէ՞ր այդ երկնային պատկերը, պատկեր չէ՞ր… ինքն էր… ինքը, հոն, քովս, ինձմէ երկու քայլ անգին, ինծի հետ միևնոյն շոգենաւին մէջ, ա՛հ…:
Արիւնս պահ մը դագրեցաւ շրջան ընելէ, յետոյ, յանկարծ, խենդի պէս, թումբը խորտակող հեղեղի մը պէս խուժեց երակներուս մէջէն դէպ ի սիրտս, իր կարողութեան բոլոր թափովը բաբախեցնելու համար զայն:
Ակնթարթի մէջ վշտի տառապանքի էն խորունկ անդունդէն, մինչեւ ուրախութեան, երջանկութեան էն բարձր աստիճանը փոխադրուած էի: Կեանքէս, աշխարհէն աւելի թանկագին բան մը կը գտնէի ճիշտ այն վայրկեանին երբ ալ զայն յաւիտեան կորսնցնելու տխուր գիտակցութիւնը կը ճնշէր սրտիս վրայ: Սրտիս դատարկը կը լուսաւորուէր արեւներուն էն շողշողունովը: Գիշեր չէր ալ ինծի համար, այդ էակէն վճիտ, մեղմ, մաքուր ու կեանքոտ լոյս մը կը բղխէր յորդառատ և իմ բոլոր էութիւնս կ’ողողէր:
Գիտես բարեկամս, թէ երբէք մտքէս չեմ անցուցած սիրոյս վրայ խօսիլ իրեն, ինք ինծի համար այնպիսի էակ մըն էր որուն մահկանացուներ չեն կրնար մօտենալ, որոշ սահմանէ մը անդին: