Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/65

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Պատասխանեց թէ իրենք ալ ― տասնի չափ Անգղիացի տիկիններ ու այրեր ― Զատկի արձակուրդէն օգտուելով, պզտիկ ճամբորդութիւն մը ընել որոշած էին մինչեւ Պօլիս և ճիշտ ատոր համար ― շուտ դառնալնուն համար ― ինքն ալ հրաժեշտի քարդ չէր զրկած ինծի:

― Շատ ուրախ եմ ձեզ պէս հին ծանօթ մը գտնելուս իբր ճամբու ընկեր, յարեց յետոյ:

Միասին ճաշեցինք: Այս երկրորդ անգամն էր, առաջինը, հոն, գաւառին անկիւնը, իր սենեակին մէջ, ուրիշ ընկերոջ մը հետ, անուշ յիշատակ մըն էր հիմա: Աս ալ յիշատակ մը պիտի երթար ըլլալ իր կարգին, անոնցմէ որոնք հոգիին խորը կը մնան անեղծ մինչեւ վերջը կեանքիդ:

Ճաշէն ետքը վեր ելանք դարձեալ և բաւական ատեն նստանք լուսնի լոյսով ողողուած ծովուն ծփանքը դիտելով ու խօսելով զանազան նիւթերու վրայ: Իր ընկերներն ու ընկերուհիներն ալ հոն էին:

Շոգենաւը, անզգալի երերումով մը, պայծառ մութին մէջ կը սահէր մեղմիւ, ջուրը հեշտիւ, իր կամքովը կը բացուէր, տեղի կուտար, կը ձգէր որ անցնինք կարծես: Կ’ուզէի որ անիւին թիքթաքը, հոսանքին խոխոջը, նաւաստիներուն աղմուկը ու ճամբորդներուն շաղակրատութիւնները լռէին բոլոր, լռութիւնը տիրէր բացարձակ ու այդպէս իրեն մօտ նստած մնայի միշտ անձայն և անշշուկ,