առանց իսկ շարժելու, վախենալով որ շարժումներս ժամանակին անցքը պիտի փութացնեն:
― Արդէն կեանքը հատնում մըն է ծայրէ ի ծայր, ինչո՞ւ այսպէս չհատնիլ, ինչո՞ւ երջանիկ հատնունով չսպառիլ գոնէ, կ’ըսէի ինքնիրենս:
Վերջապես գնաց պառկելու:
Ես ալ խցիկս քաշեցայ ու պառկեցայ:
Մինեւ առաւօտ աչքերս չփակեցի սակայն իրեն հետ միևնոյն յարկին ներքեւ գտնուիլը այնպիսի թովիչ հմայք մը, այնպիսի անստգիւտ երանութիւն մը ունէր ինծի համար, որ չուզեցի նոյն իսկ մէկ վայրկեանը քնոյ թմրութեան մէջ անցնիլ անգիտակից: Արթուն երազեցի մինչ լոյս: Դպրոցական կեանքս բոլոր, յետոյ մեր պտոյտները, մեր partyները աս երկու տարուն մէջ, վերջապէս այն բոլոր մանրամասնութիւնները կեանքիս որոնց մէջ բաժին ունեցած էր ինք, այն ամէն գլուխները, էջերը կեանքի սեւ հատորին, զորս իր ներկայութիւնը ոսկեզօծած էր, աչքիս առջեւէն կարդաւ, պատկերներու անընդհատ շարքի մը պէս, կենդանի, որոշ ու գունագեղ: Յետոյ աչքիս առջեւ եկաւ կեցաւ իր քիչ մը առաջուան դիրքը, վեհափառ կեցուածքը ծովուն դէմ, նայուածքը՝ որ մութը կը փարատէր, կ’իշխէր անոր:
Երեւակայութիւնը, որ սահման չի ճանչնար իր արշաւներուն, որ սանձ չունի, որ ծովեզր չունի իր ալիքներուն թափը կասեցնող, այդ բոլոր նկարներուն առջեւէն զիս անցընելէ ետքը, կ’առնէր կը տանէր զիս մինչեւ դուռը անոր պառկած խցիկին, բայց հոն կը կենար, կը կասէր, երբէք չէր համարձակեր զիս աւելի առաջ տանիլ, քայլ մըն