ծագէ՜ր, երբէք, մարա՜ծ ըլլար, այդ անձրեւը չի դադրէր՜ ալ, այդ մութը չի փարա՜տուէր:
Երջանիկ պիտի ըլլայի այդպէս, խորհելով թէ միեւնոյն յարկին տակ էինք ինքն ու ես: Իրեն մօտ ըլլալու երջանկութեան մէջ ինքնին պիտի հալէին սրտիս բոլոր ուրիշ բաղձանքները, զգացումերը, տենչերը, մտքիս բոլոր ծփանքները, գաղափարները, ձգտումերը, հոգիիս բոլոր խայտանքները, երազները, յոյզերը: Վերջապէս, ուղեղս գաղափարներու այս անկապ, անզուսպ, խօլ թաւալումէն պրկուած, յոգնած, ու մարմինս կէս մը թրջուած, ընկճուած գացի պառկեցայ: Քունը՝ առջի գիշերուն ծանրութիւնն ալ ամփոփած՝ անմիջապէս փակեց արտեւանունքիս, հակառակ արթուն մնալու բաղձանքիս:
Երազ տեսայ:
Ամպերուն մէջն էր ան, աղւոր, փափուկ, ճեբճերմակ հոգի ամպերուն մէջ, հեռո՛ւն, հոն, վերը, վճիտ կապոյտին անծայրածիր տարածութեանը մէջ: Եւ ես վարէն, ծնրադիր, կը պաշտէի զինքը, կը պաղատէի որ զիս ալ հոն, քովը առնէ: Ինք կը ժպտէր, անհունապէս բարի, հրեշտակային ժպիտովը, անբիծ աչքերը միջոցին մէջէն ինծի ուղղած, կը ժպտէ՛ր քնքուշ մատը կոյս շրթունքներուն վրայ, լռութիւն պատուիրելով ինծի, ու. ― Համբերէ՛, կ’ըսէր ինծի մեղմիկ, համբերէ՛, բարի է Աստուած:
Եւ աւելի քան երբէք կը հաւատայի Աստուծոյ բարութեան:
Առտուն բաւական ուշ արթնցայ. սթափումս, այս երազէն ետքը, տխո՛ւր եղաւ, անհունապէս