Jump to content

Էջ:The First Love.djvu/78

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

տխուր. դառն յուսախաբութիւն մը կրեցի: Կ’ուզէի որ ատիկա ըլլար իրականութիւնը, և կեանքը երազ:

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այնպէս չըլլար: Աչքերս փակեցի, շարունակելու, յաւիտեան շարունակելու համար այդ հոգեթով երազը, և սակա՜յն… պատրանքը երբ անգամ մը փարատի, իրականութիւնը իր զլացող ընթացքին մէջ չկասիր այլևս:

Անկողնէն դուրս ցատկեցի և հապճեպով հագուեցայ ու վար վազեցի: Արեւը ծագած էր և օդը պայծառ: Ուրիշ ատեն այդ ժամուն տեսած եմ Պոլիսը շոգենաւին մէջէն, շքեղ է, իրիկուան անձրեւէն ետքը մանաւանդ: Սակայն այն օր մտքէս իսկ չանցաւ դիտել զայն:

Զինքը փնտռեցի: Հոն էր անդիի անկիւնը:

― Մե՜ղք, ըսաւ երբ քովը գացի ու բարեւեցի, մեղք որ աւելի կանուխ չելաք, հիանալի էր տեսարանը արեւածագին, իրիկուընէ շատ աւելի շքեղ: Հիմա մտքէս կ’անիծէի քունը, որ զրկած էր զիս, ոչ թէ այդ տեսարանէն ― որ փոյթս անգամ չէր ― այլ զինքը քիչ մը աւելի վայելելէ:

Բաւական ատեն խօսեցանք հոն, հարցումներ կ’ուղղէր ինծի զանազան տեսարաններու վրայ, և ես կը պատասխանէի՝ տրոփ ի սիրտ, վախնալով թէ ժամանակին անցնիլը կը փութացնեմ:

Վայրկեանները, չա՛ր վայրկեանները, որքան՝ որքա՛ն շուտ կը սահէին հիմա: Կը դողային՝ կ’զգայի թէ մօտ է վերջակէտը և այդ գիտակցութիւնը շնչելու անգամ կը վախցնէր զիս, խորհելով թէ շնչած օդիս մէջ վայելքս աւելի շուտ պիտի հատնի, աւելի շուտ պիտի ցնդի երջանկութիւնս: